Պըրրի. «Զօր. Աունի Հետ Տարակարծութիւն Ունենալս Չի Նշանակեր, Որ Մեր Միջեւ Ռազմավարական Առումով Հարց Կայ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Հարաւային արուարձաններու մէջ ապահովութեան ուժերուն կողմէ գործադրուած ծրագիրին առումով ոչ ոքի առիթ պիտի տրուի խոյս տալ օրէնքէն: «Մենք այս ծրագիրին անվերապահօրէն կը զօրակցինք, ինչպէս նաեւ կը զօրակցինք երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորող ամէն տեսակ ծրագիրներու գործադրութեան», ըսաւ ան: Պըրրի ընդգծեց, որ ինք կառչած կը...


















