Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին անդրադառնալով, հարազատօրէն կը կրկնէ պաշտօնական Անգարայի նորացուած, բայց հին ժխտողական բառամթերքը` օգտագործելով «հասարակաց ցաւ»-ի եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի «բոլոր նահատակներուն յիշատակը յարգելու» հասկացողութիւնները` շարունակելով նենգափոխել պատմական ճշմարտութիւնները եւ ճգնելով Հայկական հարցին տալ կրօնական բնոյթ:
Իր այս ընթացքով թուրք դեսպանը ոչ միայն կը նենգափոխէ պատմական իրողութիւնները, այլ նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի գլխաւոր դերակատարներուն մասին լիբանանեան հասարակութեան սխալ տեղեկութիւններ փոխանցելով` այդ դերակատարներուն շարքին կը նշէ նաեւ Խորհրդային Միութիւնը, մինչդեռ Խորհրդային Միութիւնը իբրեւ պետական կազմաւորում յայտարարուեցաւ միայն 1922-ին:
Այս բացայայտ պատմական սխալէն անդին սակայն, յստակ է Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչին ճիգը ապակողմնորոշելու լիբանանեան հանրային կարծիքը` ցեղասպանական քաղաքականութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն` գլխաւորաբար հայերուն եւ ասորիներուն պահանջներուն գծով: Ասով իսկ Էօզեըլտըզ կը փորձէ թրքական խարդախ նենգափոխումի թակարդներուն մէջ ձգել լիբանանցիները:
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` նշելով, որ 2015-ը խոկումի եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի բոլոր զոհերուն յիշատակը ոգեկոչելու տարին է: «Անիկա հաշտութեան եւ միասնականութեան տարին է եւ ոչ թէ ատելութիւն կուտակելու: Մենք պէտք է յարգենք Համաշխարհային Ա. պատերազմի բոլոր նահատակներուն յիշատակը: Թուրքիոյ մէջ մենք կը ցաւակցինք հայերուն եւ բոլոր այլ ժողովուրդներուն հետ եւ կը կիսենք անոնց ցաւը, սակայն պէտք չէ նաեւ մոռնալ, որ կան միլիոնաւոր սիւննի նահատակներ, որոնք իրենց բնակարանները կորսնցուցին եւ բռնագաղթի ենթարկուեցան», ըսաւ ան:
Թուրք դեսպանը ըսաւ նաեւ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի ցաւակցագիրները կը փաստեն, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը ցաւակցին հայութեան:
Ան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր երկիր իր ուրոյն միջոցները եւ ոճը կը կիրարկէ պատերազմներու ընթացքին եւ կարելի չէ ընդունիլ, որ կարգ մը այլ պետութիւններ Թուրքիոյ վրայ քաղաքական ճնշումներ գործադրեն եւ զայն դատապարտեն ցեղասպանութեան յանցանքով: «Թրքական պատմական տուեալներուն համաձայն, օրին բազմաթիւ երկիրներ պայքարեցան Օսմանեան պետութեան դէմ եւ ուզեցին բաժնել զայն. անոնցմէ էին բրիտանացիներն ու ֆրանսացիները, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Միութիւնը, որ փորձեց Օսմանեան կայսրութեան դէմ յարձակիլ` արեւելեան կողմէն, այդ իրականութիւնը մղեց, որ Օսմանեան կայսրութիւնը դիմէ ինքնապաշտպանութեան: Այդ ընթացքին էր, որ հայութիւնը զինեալ խմբաւորումներ կազմաւորեց` օժանդակելու համար Խորհրդային Միութեան, եւ յարձակումներ գործեց թուրքերուն դէմ` սպաննելով իսլամները: Իբրեւ հետեւանք, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ անոնցմէ քանի մը ընտանիք բռնագաղթի ենթարկուեցան դէպի Սուրիա եւ ճամբան փչեցին իրենց վերջին շունչը, սակայն ոչ թէ կանխամտածուած ոճիրներով, որոնց մասին պնդումներ կը կատարուին», ըսաւ ան:
Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ կան որոշ միջազգային չափանիշներ, որոնք պէտք է որդեգրուին նախքան երկիր մը ցեղասպանութեամբ ամբաստանելը, «մենք բնաւ ցեղասպանութիւն չենք գործադրած. Այս եզրը իրաւական եզր է եւ այդ ոճիրով կարելի չէ Թուրքիան ամբաստանել», ըսաւ ան:
Իր խօսքը ուղղելով հայութեան` Էօզեըլտըզ ըսաւ. «Պէտք է շարունակել խորհրդակցութիւնները եւ հեռանալ ատելութենէն ու զայն ընդարձակելու փորձերէն: 2005-ին Էրտողան Հայաստանի նախագահին յղեց նամակ մը, որուն մէջ անկէ խնդրեց հանդիպիլ եւ պատմական այդ ողբերգական հանգրուանը քննարկել, սակայն ան մերժեց: Իսկ 2009-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուեցան արձանագրութիւններ, սակայն կարգ մը հայ ծայրայեղականներ մերժեցին այդ արձանագրութիւնները եւ արագ կերպով հակազդեցին` իրենց կեցուածքը պարտադրելով Հայաստանի պետութեան»:
Թուրքիոյ կողմէ եօթը հայկական վիլայէթներուն տիրանալու եւ անոնց բնակչութիւնը բռնագաղթի ենթարկելու մասին թուրք դեսպանը ըսաւ, որ այդ արտայայտութիւնները ամբողջութեամբ ճշմարիտ չեն կրնար ըլլալ: «Ճիշդ է, որ այդ վիլայէթները հայերով բնակուած էին, սակայն հոն կ՛ապրէին նաեւ իսլամներ եւ թուրքեր. այդ շրջանները կը գտնուէին թրքական կայսրութեան ներքեւ` Զ. դարէն սկսեալ մինչեւ Լոզանի համաձայնագիրէն ետք: Հետեւաբար մենք համաձայն չենք կրնար գտնուիլ այդ ամբաստանութիւններուն, իսկ Թուրքիա 1923-էն ի վեր տէրն է այդ շրջաններուն եւ այդպէս ալ պիտի մնայ», շեշտեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ եւրոպական երկիրներու խորհրդարաններուն ճանաչումները Թուրքիոյ դէմ բանեցուող ճնշումնե՞ր են, Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ խորհրդարանները պատմութիւն չեն կրնար գրել, անիկա պատմաբաններուն առաքելութիւնն է: «Այն խորհրդարանները, որոնք չեն գիտեր, թէ քարտէսի վրայ Թուրքիան ո՛ւր կը գտնուի, չեն կրնար հին պատմութեան մասին խօսիլ: Այդ խորհրդարանները իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող հայկական լոպիներուն ճնշումին կ՛ենթարկուին եւ այդ պատճառով ալ անոնք կը ներկայացնեն կեցուածքները հայութեան, որ կ՛ուզէ պատմութիւնը իր հաշուոյն ծառայեցնել: Նոյն յատկութիւնը կը վերաբերի նաեւ ասորիներուն, որոնք իրենց զոհերուն թիւերը կը բազմապատկեն` Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով: Այսօր Պոլսոյ մէջ ապահով կերպով կ՛ապրին աւելի քան քսան հազար ասորիներ, որոնց հետ կը խորհրդակցինք եւ փոխըմբռնումներու կը յանգինք», շեշտեց դեսպանը` աւելցնելով, որ վերջերս իրենք Թուրքիա հրաւիրած են Անտիոքի եւ համայն արեւելքի ասորի ուղղափառ համայնքի Մար Իգնատիոս Բ. Աֆրամ պատրիարքը. ան յոյս յայտնեց, որ Աֆրամ պատրիարքը կ՛ընդառաջէ Թուրքիոյ հրաւէրին:
«Կը մերժենք Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը Թուրքիոյ վերագրել եւ պատմութիւնը նենգափոխել: Կը փափաքինք ունենալ բոլոր նահատակներուն յիշատակը յարգելու արդար թուական` նկատի ունենալով ամէն տեսակի պատերազմի հաւանականութիւնները: Թրքական դեսպանատունը եւ թուրքերը հայոց բարեկամներն են եւ պէտք է անոնք իմանան, թէ մեր բարեկամութիւնը անժամկէտ է», եզրափակեց Էօզեըլտըզ: