Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 29, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Սայտայի Ապրա շրջանին մէջ կատարեց շարք մը խուզարկումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալեց յանցագործ մը:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ քաղաքացի Մոհամետ Սալեմ Սայիտ կախուած գտնուած է իր բնակարանին մէջ, որ կը գտնուի Թրիփոլիի Տաֆթարտար շրջանին մէջ:

ՊՐԻԹԵԼԻ մէջ լիբանանցի հովիւ մը զոհ գացած է ձեռնառումբի մը պայթումին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Քալամունի մէջ մղուելիք ճակատամարտին առումով Հըզպալլայի նախապատրաստական աշխատանքները կը տարբերին իրենց նախորդներէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը քաջալերական ըլլայ, որպէսզի սէուտցիները կարենան ամրան այցելել Լիբանան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ հակառակ Լիբանանի մէջ արձանագրուող քաղաքական սուր յայտարարութիւններուն, Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը կը մնայ անհրաժեշտ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Պիլալ Պատըրի նախագահած  ահաբեկչական խմբաւորումին անդամ պաղեստինցի մը, որ վերջերս ձերբակալուած էր լիբանանեան բանակին կողմէ, վտանգաւոր տեղեկութիւններու մասին խոստովանութիւն կատարած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը պատրաստ է խորհրդարանի նիստերուն մասնակցելու, եթէ անհրաժեշտութիւն զգացուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ անոր տեղակալը` շէյխ Նայիմ Քասեմ, չեն կրնար իրենց տեսակէտով համոզել լիբանանցիները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մուտք գործած է նախագահական ընտրութեան վերաբերող իրանեան խաղի մը մէջ` առանց իմանալու, որ ինք եւ քրիստոնեայ քաղաքացիները ո՞ւր կրնան հասնիլ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ ինք լաւատես չէ լիբանանեան քաղաքական տագնապին լուծումի մը յանգելու իմաստով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստի առաջին նստաշրջանը պիտի աւարտի առանց որեւէ նիստ մը գումարելու: Ան դիտել տուաւ, որ ասիկա ոճիր կը նկատուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ իրենք այլեւս պիտի չընդունին, որ հանրապետութեան նախագահը օտարներու կողմէ նշանակուի:

ԺԱՄԱԱ իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ կոչ ուղղեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որ ճնշում բանեցնէ նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտող կողմերուն վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն իրենց միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու, որպէսզի յաւելեալ վնասներ եւ տուժելու առիթներ չունենան:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Պերլինէն Հասած Հարուածը

Յաջորդը

Ըստ Զօր. Միշել Սլէյմանի. «Պաապտայի Յայտարարութիւն»-Ը Վերջ Կը Դնէ Օտար Երկիրներու Մէջ Լիբանանցիներուն Պատերազմներուն

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?