Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նախորդ օրերուն լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ զօրակցական կեցուածքներ ցուցաբերեցին հայութեան նկատմամբ:
Այս սիւնակներով կ՛անդրադառնանք այդ կեցուածքներուն:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ եւ զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Լիբանան կը հպարտանայ զինք բաղկացնող բոլոր տարրերով` աւելցնելով, որ բոլոր լիբանանցիները բարձր կը գնահատեն հայութեան ունեցած դրական դերակատարութիւնն ու ներդրումը լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով:
Սլէյման Ֆրենժիէ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն արտայայտուեցաւ հետեւեալ կերպով. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է … 100 տարի եւ մարդկութիւնը տակաւին չէ արթնցած (1915-2015)»:
Սամի Ժեմայէլ
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք` իբրեւ մարոնիներ, կը նախանձին հայ ժողովուրդէն, որովհետեւ ան կրցած է պահպանել իր լեզուն, մշակոյթը եւ նահատակներուն յիշատակը, մինչդեռ մարոնիները, որոնք Լեռնալիբանանի մէջ աւելի քան 200 հազար նահատակ տուած են, կ՛ամչնան անոնց յիշատակը յարգելու ձեռնարկ մը իսկ կազմակերպել:
Նետիմ Ժեմայէլ
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ընդգծեց, որ պատմութիւնը յիշողութիւն մըն է, որ կարելի չէ մոռնալ` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատահած է, իսկ հայութիւնը` բռնագաղթի ենթարկուած:
Ժեմայէլ զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան, որ կը շարունակէ պայքարիլ իր իրաւունքներուն համար: Ան հաստատեց, որ լիբանանցիները կը ցաւակցին հայոց հետ, որովհետեւ անոնք եւս ենթարկուած են Օսմանեան կայսրութեան բռնութիւններուն:
«Լիբանանահայութեան կողմէ Ապրիլ 24-ը ազգային սուգի օր յայտարարելու պահանջը արդար է, եւ այդ առիթով մենք Լիբանանի կառավարութենէն կը պահանջենք վերահաստատել Մայիս 6-ը իբրեւ ազգային տօն` Նահատակաց տօն, որովհետեւ այդ թուականին էր, որ Օսմանեան կայսրութիւնը կախաղան բարձրացուց լիբանանցի մտաւորականները», ընդգծեց Նետիմ Ժեմայէլ:
Երեսփոխան Միշել Մուսա
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հայ ժողովուրդին ցուցաբերուած միջազգային զօրակցութիւնը կ՛արթնցնէ մարդկութեան խիղճը, որ բազմիցս զոհ գացած է մեծ պետութիւններու շահերուն:
«Կ՛ողջունենք հայութիւնը իր գոյամարտին համար, ինչպէս նաեւ իր ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը պահպանելու պայքարին համար: Կ՛արժեւորենք լիբանանահայութեան ունեցած դերակատարութիւնը երկրին քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական եւ ազգային կեանքին մէջ», շեշտեց Միշել Մուսա:
Ան հաստատեց, որ հայութեան համար արդարութիւն չպարտադրելու եւ ցեղասպանութեան առումով անոր հատուցում չկատարելու ճշմարտութիւնը միջազգային ընտանիքին ճակտին դրոշմուած ամօթի խարան է:
Անթուան Զահրա
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Հայոց դէմ ցեղասպանութիւն գործադրած
Օսմանեան կայսրութեան յաջորդը` Թուրքիան 100 տարի ետք տակաւին կը զլանայ ընդունիլ Ցեղասպանութիւնը: Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալը բարոյական մուտք մըն է դէպի իսկական հաշտութիւն:
Հիւսէյն Հիւսէյնի
Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կ՛ուզենք շեշտել, որ կը թուի, թէ այդ ցեղասպանութիւնը ոչ թէ 100 տարի առաջ պատահած է, այլ` այսօր: Այս յիշատակը միշտ ալ վառ պիտի մնայ ոչ միայն հայութեան խղճին մէջ, այլեւ` ամբողջ մարդկութեան խղճին մէջ:
Հիւսէյնի ընդգծեց, որ նման աղէտներուն առաջքը առնելու համար նախ եւ առաջ պէտք է միջազգային երաշխիքներ որդեգրել` միջազգային օրինականութեան շրջագիծին մէջ:
Այս առումով Հիւսէյնի յայտնեց, որ միջազգային օրինականութեան կողմէ իր պատասխանատուութիւններէն խուսափելու քայլը սկսած է մտահոգել ամբողջ մարդկութիւնը:
«Հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն հետ մեր զօրակցութիւնը ազգային եւ մարդկային պարտականութիւն է», եզրափակեց Հիւսէյնի:
Զօր. Միշել Սլէյման
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման «Թուիթըր»-ի իր անձնական էջին վրայ արաբերէնով եւ հայերէնով զօրակցական արտայայտութիւն մը ունեցաւ: «Կը զօրակցինք հայութեան եւ մեր ձայնը կը միացնենք անոր պահանջատիրութեան», այս նախադասութիւնը գրուեցաւ արաբերէնով, իսկ «Կը յիշեմ, կը պահանջեմ»-ը` հայերէնով:
Զօր. Էմիլ Լահուտ
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան համար ամօթալի երեւոյթ է Ապրիլ 24-ը ազգային սուգի տօնի չվերածելը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը իւրաքանչիւր մարդ արարածի եւ լիբանանցիի կը վերաբերի: «Անոնք պէտք է հայութեան նման կառչած մնան «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» կարգախօսին», ըսաւ Լահուտ` աւելցնելով, որ իրաւունքը չի մեռնիր, երբ զայն պահանջող կայ:
Զօր. Լահուտ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան կողքին օսմանցիները սովի ենթարկեցին նաեւ Լեռնալիբանանը, ուր աւելի քան երկու հարիւր հազար լիբանանցիներ սովամահ դարձան:
Ռամզի Ժրէյժ
Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ
դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան` միջազգային ընտանիքէն պահանջելով իրաւունքը վերադարձնել իր իրաւատէրերուն եւ արդարութիւն բերել մարդկութեան դէմ ոճիրի ենթարկուած ժողովուրդին:
Պութրոս Հարպ
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ ողջունեց հայ ժողովուրդը, որուն դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր: «Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան զուգահեռ, Լիբանանի մէջ ազատախոհ լիբանանցի մտաւորականներ, Նահատակաց հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացան Օսմանեան կայսրութեան նոյն ճիւաղներուն ձեռամբ», ըսաւ ան:
Հարպ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ հայոց ներկայութիւնը ցեղասպանութեան պատճառով է, «սակայն հայութիւնը վերածուած է լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող հիմնական շերտի մը, որ կարելի չէ անջատել լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքէն», շեշտեց ան:
Հարպ կոչ ուղղեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ըլլայ առիթ մը` վերադառնալու խղճի ձայնին եւ ամրապնդելու լիբանանցիներուն եւ լիբանանահայութեան միջեւ կապը` պահպանելու համար Լիբանանի բազմազանութիւնը, երկրին մէջ երկխօսութիւնը, ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը:
Նեպիլ Տը Ֆրէյժ
Վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը կը վկայէ Միջին Արեւելքի մէջ հարիւր հազարաւոր
քրիստոնեաներու սպանութեան եւ բռնագաղթին, սակայն այդ իմաստով ոչինչ կը կատարէ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պայքարը շարունակել` Հայոց ցեղասպանութեան ունեցած հետեւանքներուն լուծում մը գտնելու համար:
Լահհամ Պատրիրաքը Կը Դատապարտէ
Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը ցաւակցագիր մը յղեց հայութեան` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:
Իր ցաւակցագիրին մէջ Լահհամ պատրիարքը ընդգծեց, որ ինք 100-ամեակը կը նկատէ հայոց յարութեան թուականը, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունէ հայ ժողովուրդը եւ ցաւակցութիւն կը յայտնէ 1915-ի Ցեղասպանութեան նահատակներ սուրբերուն համար:
«Հայութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր հաւատքին, գաղափարին, հողին, արժէքներուն եւ սկզբունքներուն: Հայութիւնը իր մայրենի լեզուն, ինքնութիւնը, հաւատքն ու արարողութիւնները պահպանող ժողովուրդի մը օրինակելի տիպարն է:
Մենք ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնենք հայոց եւ կ՛ըսենք. «Բոլո՛րս հայ ենք»: Թող Ցեղասպանութեան նահատակներուն թափած արիւնը խաղաղութիւն բերէ բոլոր երկիրներուն, որոնք սրտբաց դիմաւորած են զանոնք», շեշտեց Լահհամ պատրիարք:
Մահեր Համմուտ
Սայտայի միւֆթի շէյխ Մահեր Համմուտ կոչ ուղղեց զօրակցելու Հայ դատին, որ մարդկային դատ մըն է եւ համայնքային պատկանելիութիւնը կը շրջանցէ: Ան զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան` մաղթելով, որ հայութիւնը կը տիրանայ իր արդար իրաւունքներուն:
Ուատիհ Խազեն
Մարոնի համայնքի ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեամբ ծանօթ է բոլորին եւ անիկա իր արհաւիրքներէն եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ցեղասպանուած աւելի քան մէկ միլիոն զոհեր ունենալէ ետք վերապրած ժողովուրդ է:
«Հայութեան գողգոթան նման է նաեւ լիբանանեան ցաւին, որովհետեւ նոյն դահիճը` Օսմանեան կայսրութիւնը նման արարքներ գործած է լիբանանցիները Լեռնալիբանանի մէջ սովի ենթարկելով եւ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ լիբանանցի մտաւորականները կախաղան բարձրացնելով», ըսաւ ան:
Խազեն ողջունեց հայութիւնը եւ նահատակներուն յիշատակը:
Թաուհիտ Կուսակցութիւն
Թաուհիտ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ողջունեց հայութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած բռնարարքները շատ աւելի վայրագ են, քան` ինչ որ Իսրայէլ գործադրած է պաղեստինցիներուն դէմ:
«Մենք կը զօրակցինք հայութեան եւ անոր արդար պահանջներուն», ըսաւ Ուահապ` զարմանք յայտնելով բոլոր այն կեցուածքներուն համար, որոնք Թուրքիոյ նկատմամբ զօրակցութիւն յայտնած են: «Թուրքիոյ զօրակցող բոլոր կեցուածքները Իսլամ եղբայրներու դպրոցին մաս կը կազմեն, իսկ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ բարեկամներու գոյութիւնը չի նշանակեր, որ Թուրքիա ոճրագործ պետութիւն չէ», ըսաւ ան:
Ուահապ աւելցուց նաեւ, որ Թուրքիա ցայսօր կը զօրակցի ահաբեկչութեան` ընդգծելով, որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան հիմնական պատասխանատուն Թուրքիան է:
Հապիպ Աֆրամ
Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումն ու զօրակցութիւնը նոր ցեղասպանութիւն է` ամբողջ աշխարհի աչքին դիմաց:
Ան Թուրքիայէն պահանջեց ինքնիրեն եւ իր պատմութեան հետ հաշտուիլ:
Անթուան Պուսթանի
Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Անթուան Պուսթանի զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան` շեշտելով, որ Օսմանեան կայսրութիւնը 1915-1918 ժամանակաշրջանին ընթացքին սպաննեց Լեռնալիբանանի քրիստոնեաները` զանոնք սովամահ դարձնելով:
Պուսթանի շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը անթառամ պիտի մնայ:
Մուրապիթուն
Անկախ Նասըրականներու (Մուրապիթուն) շարժումը դատապարտեց Օսմանեան կայսրութիւնը, որ գործադրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ կոչ ուղղեց անձնատուր չըլլալու համայնքային եւ յարանուանական կիրքերուն:
Լիբանանի Ճարտարարուեստի Մարզի
Սեփականատէրերու Միութիւն
Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան եւ մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն 100-ամեակին
առիթով ցաւակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին` ընդգծելով, որ դար մը ամբողջ բաւարար չէ եղած հայոց մտքերէն ջնջելու
մարդկային այս տառապանքը:
«Հայութեան դէմ այս արհաւիրքը պէտք է պատճառ հանդիսանայ մերժելու բռնարարքները եւ կառչած մնալու ՄԱԿ-ի ուխտին` իբրեւ հիմք աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներուն աւարտին», նշուեցաւ միութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Միութիւնը ընդգծեց, որ այդ ցեղասպանութենէն դար մը ետք գործուած են նաեւ շարք մը այլ սպանդներ, որովհետեւ դահիճները մնացած են անպատիժ:
Միութիւնը ողջունեց հայ ժողովուրդը` դրուատելով անոր կամքի զօրութիւնը, գոյատեւումն ու կեանքին նկատմամբ կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ հայութիւնը իրականացնէ իր նպատակները եւ ունենայ փայլուն ու ապահով ապագայ:
Քարիւղի Մարզի Տնօրինման Խորհուրդ
Քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդի նախագահ Կապի Տաապուլ ցաւակցագիրով մը դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան:
Տաապուլ կոչ ուղղեց աշխարհին խիղճը արթնցնելու, որպէսզի ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայութիւնը տիրանայ իր արդար իրաւունքներուն:
Ղովմի Կուսակցութիւն
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ղովմի կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց հայութիւնը` ընդգծելով, որ անոր դէմ Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած սպանդները կանխամտածուած էին` նկատի ունենալով այդ ոճիրներուն միջոցներն ու ոճը:
«Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք մենք խստիւ կը դատապարտենք ցեղասպանութիւնը, որ մարդկութեան դէմ ոճիր կը նկատուի, ինչպէս նաեւ կը նկատենք, որ Թուրքիոյ կողմէ իր ոճրային դերակատարութեան ու պատասխանատուութեան ուրացումը` Սուրիոյ մէջ գործուող ոճիրներուն պարագային Ցեղասպանութեան յանցանքի որդեգրում է», ընդգծեց Ղովմի կուսակցութիւնը:
Ուղղափառ Խորհուրդ
Ուղղափառ խորհուրդի նախագահ Ռոպեր Ապիատ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան խստիւ դատապարտեց հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը:
Ապիատ զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան` նկատի ունենալով անոր արդար իրաւունքը եւ պայքարի ոգին: Ան կոչ ուղղեց միջազգային եւ մարդկային բոլոր ընկերութիւններուն` նեցուկ կանգնելու հայ ժողովուրդին եւ անոր տարած գոյութենական պայքարին:
«Այս օրերուն մենք կը լսենք եւ կը վկայենք արաբական շրջաններուն մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած սպանդներու, բռնագաղթի եւ բռնարարքներու, սակայն այս բոլորին դիմաց կը շօշափենք միջազգային ընտանիքին եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն լռութիւնը», ըսաւ ան:
Համայնավար Կուսակցութիւն
Լիբանանի Համայնավար կուսակցութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց պատժելու պատերազմի ղեկավարները:
Համայնավար կուսակցութիւնը կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան պահանջներուն:
«Լուպնան Շապապ»
«Լուպնան շապապ» շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը` ընդգծելով, որ այդ սպանութիւնները մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներ են` հակառակ անոնց նկատմամբ դրսեւորուած միջազգային անտարբերութեան եւ ժխտումի քաղաքականութեան:
«Լուպնան շապապ» շարժումին համաձայն, պէտք է յստակ որոշումներ տրուին եւ միջազգային ճանաչում ապահովուի Հայոց ցեղասպանութեան, որպէսզի ճշդուին պատասխանատուութիւնները եւ կատարուին հատուցումները:«Իրաւունքը անկարելի է, որ չեղեալ նկատուի, որքան որ ժամանակը երկարի: Թրքական պետութենէն կը պահանջենք ճանչնալ ցեղասպանութիւնը, ներում հայցել եւ հատուցում կատարել, այնպէս ինչպէս Գերմանիա կատարած է: Այդպիսով է միայն, որ ան նպաստած կ՛ըլլայ մարդկային արժանապատուութեան պահպանումին», շեշտեց շարժումը:
Զարթօնք Եւ Ազատագրում Կուսակցութիւն
Զարթօնք եւ ազատագրում կուսակցութեան նախագահ Ժոզեֆ Ասմար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց 1915-2015 ամբողջ մէկ դարու ընթացքին ցեղասպանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած միջազգային լռութեան համար:
«Եթէ 100 տարուան ընթացքին աշխարհը պարտադրէր Թուրքիոյ` ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը, ահաբեկչութեան, սպանութեան ու սպանդներու կրկնութիւն պիտի չվկայէինք», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց թրքական իշխանութիւններուն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին անմիջապէս շարժելու` Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած սպանդները կասեցնելու նպատակով: «Ցեղասպան պետութիւնները պէտք է իրենց պատիժը կրեն` նկատի ունենալով, որ դատապարտումի հաղորդագրութիւններն ու յատուկ գիրերը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն եւ պարզապէս կրկնութիւններ են», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Ժողովրդավարական Ազգային Հանդիպում
Լիբանանի Ժողովրդավարական Ազգային հանդիպումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան եւ կոչ ուղղեց աշխարհի բոլոր երկիրներուն` թրքական քաղաքական ուժերուն վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի անոնք ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցումներ կատարեն սուրբ նահատակներուն ընտանիքներուն:
Թրիփոլիի Եւ Մինայի Բարգաւաճման Միութիւն
Թրիփոլիի եւ Մինայի բարգաւաճման միութեան նախագահ Ռոպեր Ալֆրետ Հապիպ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յայտնեց, որ այդ Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր մըն է իր բոլոր մանրամասնութիւններով եւ ունեցած հետեւանքներով:
Ան դրուատեց Ապրիլ 24-ը ազգային զօրակցութեան օր յայտարարելու ջանքերը:
«Լիբանանահայութիւնը երկրին հիւսուածքին կարեւոր մէկ մասն է: Հայութիւնը իր հսկայ ներդրումը ունեցած է Լիբանանին քաղաքական եւ տնտեսական զարթօնքին մէջ: Հայութիւնը իր դերակատարութիւնը ունեցած է նաեւ պահպանելու լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու զայն` հեռու անձնական շահերէ», ընդգծեց Հապիպ` կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` կատարեալ զօրակցութիւն յայտնելու այդ արդար դատին:
Ժոզեֆ Տուէյհի
Նախկին զօրավար Ժոզեֆ Տուէյհի բանաստեղծական արտայայտութեամբ մը ընդգծեց, որ հայութիւնը վեհ ժողովուրդ է:
Ան ողջունեց հայութիւնը, որուն արժանապատուութիւնը վիրաւորուած էր եւ ան ցասումով մնայուն կերպով յիշած էր իր ցաւը:
Ան ողջունեց հայը անոր աշխատասիրութեան համար, իր պատմութիւնը արեան շիթերով եւ ոսկեայ տողերով գրելուն համար, իր սրբութիւնները պահպանելուն համար:
Ան ողջունեց հայութեան միասնականութիւնը եւ ազգութիւնը թագի մը պէս կրելու անոր յատկանիշը:
Տուէյհի դրուատեց հայութեան կողմէ Հայ դատին շուրջ համախմբուելու եւ պայքարը շարունակելու կարեւորութիւնը` առանց մոռնալու իր սուրբ նահատակներն ու հերոսները եւ առանց անձնատուր ըլլալու:
«Հայութիւնը ողջունելի է, որովհետեւ ան գետինը կը թնդացնէ իր կորսուած իրաւունքներուն վերատիրանալու եւ քաղաքակիրթ կերպով արդարութեան տիրանալու համար», եզրափակեց ան:
Լիբանանեան Ուժերու Բարեկարգչական Շարժում
Լիբանանեան ուժերու բարեկարգչական շարժումը ընդգծեց, որ ինք կը զօրակցի հայութեան` իր արդար իրաւունքները պահանջելու առումով: Շարժումը 24 Ապրիլ 1915-ին պատահածը որակեց ցեղասպանութիւն եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց արդարութիւն բանեցնել:
Նշենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմէն ստացաւ զօրակցական հետեւեալ գիրը. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնեմ ձեզի` նկատի ունենալով, որ ամէն ինչէ առաջ այս հարցը մարդկային հարց է: Կը զօրակցիմ բոլոր քայլերուն, որոնք կը միտին արդարութիւն պարտադրել եւ իրաւատէրերուն հատուցել ու ճանչնալ մարդկութեան պատմութեան մէջ գործուած այս Մեծ եղեռնը»:
Երեսփոխան Նէյլա Մուաուատ իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ երեսփոխան Յ. Բագրատունիի հետ եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան` դատապարտելով Օսմանեան կայսրութեան գործադրած Ցեղասպանութիւնը:
ՊԷՏՔ է աւելցնել, որ 100-ամեակին առիթով հայկական քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպած հաւաքին Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրին ներկայացուցին երեսփոխաններ Ամմար Հուրի, Աթեֆ Մաժտալանի, Ամին Ուեհպէ եւ Պասեմ Շապ: