
Երեսփոխան Խալետ Տահեր անցեալ շաբաթավերջին Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին բացայայտեց իր օսմանեան արմատները:
Հայոց ցեղասպանութեան մասին Տահեր ըսաւ. «Կայ սկզբունքային կեցուածք. մենք կը մերժենք մարդկութեան դէմ գործուած բռնարարքները, ինչպէս նաեւ ոճրագործութիւնը, սպանդն ու վայրագութիւնները, որոնք մերժուած են նաեւ Քորանին կողմէ: Սակայն Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Լիբանանի մէջ քաղաքական վտանգաւոր խորք կը ստանայ եւ կը վնասէ լիբանանեան ընկերութեան, անոր կայունութեան ու լիբանանեան ընկերութեան միասնականութեան: Հայերը եւս պէտք է յարգեն մեր զգացումները: Մենք օսմանցիներուն հետ պատմութիւն ունինք, մեր ընտանիքները Թուրքիոյ, քրտական շրջաններու եւ Կովկասի մէջ ունին հարազատներ, որոնցմէ որոշ թիւ մը բռնագաղթի ենթարկուած է: Բոլորը պէտք է իմանան, որ չորս միլիոն օսմանցիներ Կովկասէն բռնագաղթի ենթարկուած են` Ռուսիոյ ձեռամբ: Իմ մեծ հայրս` Սլէյման Շերիֆ Տահեր եւ հօրս մեծ հօր եղբայրը մասնակցած եւ նահատակուած են Կալիփոլիի ճակատամարտին ընթացքին: Հետեւաբար, մենք չենք ընդունիր, որ մեզի դէմ չարիք գործուի: Մենք կը յարգենք բոլորը, որոնք իրենց կարգին պէտք է նաեւ յարգեն մեզ»:
Տահեր շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին արդի Թուրքիոյ, նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, Թուրքիոյ մէջ ազատութիւններուն, թրքական-արաբական յարաբերութիւններուն, միջազգային գործակցութեան եւ բարգաւաճումին: «Պէտք է վերջ տալ ատելութեան», եզրափակեց ան:

Ի պատասխան Տահերի յայտարարութիւններուն` «Մերձաւոր Արեւելք» («Մաշրեք») կուսակցութեան նախագահ Ռոտրիկ Խուրի ըսաւ. «Հայերը, յոյներն ու ասորիները գոյութիւն ունեցած են նախքան Մոհամետ Մարգարէն, հետեւաբար անոնք Մերձաւոր Արեւելքի բաղկացուցիչ գլխաւոր տարրերը կը նկատուին:
«Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայերը շատ աւելի հին ներկայութիւն են, քան արաբները, իսկ քրիստոնէութիւնը այդ շրջանի հիմնական կրօններէն է, նախքան` իսլամականութիւնը», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով երեսփոխան Տահերի` կարդալու պատմութիւնը եւ լուսաբանուելու, որ իրենք կը սիրեն ներել, սակայն իրենց նահատակները չեն մոռնար:

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ կարգ մը միութիւններու եւ խորհուրդներու կողմէ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի որոշումը` 24 ապրիլին պետական եւ սեփական դպրոցները փակելու, մերժելը կրնայ ազգային-համայնքային երկփեղկում պատճառել:
Նիքոլա կոչ ուղղեց բոլորին` 24 ապրիլը ազգային սգատօն յայտարարելու, ընդգծելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալու քայլը պիտի մղէ ապագային նորանոր ցեղասպանութիւններ վկայելու:
«Այս շրջագիծին մէջ, հարկ է նշել նաեւ, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ կարգ մը նախարարներու մերժումը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ազգային սուգի օր յայտարարելու, կարծէք ուրացում է հայոց, քաղդէացիներուն, ասորիներուն եւ լիբանանցիներուն նախահայրերուն ենթարկուած սպանդներուն եւ հաւաքական սպանութեան», շեշտեց Նիքոլա:
Ան հարց տուաւ, որ Ողջակիզումը ճանչցած աշխարհի բոլոր պետութիւնները ինչպէ՞ս ճնշում չեն բանեցներ Հայոց ցեղասպանութիւն գործած պետութեան դէմ: «Պատմական եւ բարոյական կարեւորութիւնը պիտի մնայ Թուրքիան հալածող մեղքը եւ այդ բեռին ծանրութիւնը պիտի հալածէ բոլոր թուրք սերունդները: Հայոց դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութեան դատը պիտի հետապնդենք մինչեւ ճշմարտութեան ճանաչումը», հաստատեց Նիքոլա:
Ան աւելցուց, որ իրենք պիտի զօրակցին ու օժանդակեն հայութեան` ինքզինք քաղաքակիրթ ներկայացնող, սակայն փաստօրէն իր նախահայրերուն գործած սպանդները շարունակող Թուրքիայէն ճանաչում ստանալու համար:
Նիքոլա յայտնեց, որ իրենք ամէն Ապրիլ 24-ի օրը պիտի ուղղուին Նահատակաց հրապարակ` յարգելու համար հայրենիքին ու ազատութեան ի խնդիր արիւն թափած բոլոր նահատակներուն յիշատակը:


