Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտանի հետ:
Հանդիպումէն ետք Հարտան յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի մէջ հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնելու քայլերուն եւ չեն ընդունիր լուսանցքայնացնել անոնց դերակատարութիւնը:
Հարտան յայտնեց, որ նման արարք կը նշանակէ պառակտուիլ եւ փլուզումի երթալ: Ան ընդգծեց հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան առանց գլուխի է եւ Ա. իշխանութեան պետին գոյութիւնը կարեւոր է:
Հարտան շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իր հաստատութիւններուն աշխուժացման` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու իմաստով:
Հարտան շեշտեց նաեւ լիբանանեան ներքին կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: