Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաատ Հարիրի Կը Շեշտէ Բանակին Օժանդակելու Կարեւորութիւնը

April 29, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի շեշտեց լիբանանեան բանակին օժանդակելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ան մնայ իր առաքելութեան մէջ եւ կարենայ դիմադրել ահաբեկչութեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն ներկայութեան ունեցած հետեւանքները լիբանանցիներուն ու երկրին վրայ:

Մուսթաքպալ պլոքի նիստէն պահ մը
Մուսթաքպալ պլոքի նիստէն պահ մը

Մուսթաքպալ Պլոքի Ընթացիկ Նիստ

Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի նախագահութեամբ:

Նիստին ընթացքին ներկաները ցաւ յայտնեցին, որ 22 ապրիլ 2014-ին` նախագահական ընտրութեան Ա. նիստէն տարի մը ետք, երկիրը տակաւին կը մնայ առանց հանրապետութեան նախագահի:

Պլոքը Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց այս իրավիճակին` շեշտելով, որ Հըզպալլան առեւանգած է այդ ընտրութիւնը, որովհետեւ իր համաձայնութիւնը սահմանափակած է մէկ թեկնածուի շուրջ: «Մինչդեռ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ հանրապետութեան նախագահութիւնը կապանքներէն ազատ արձակուէր եւ առիթ տրուէր այդ պաշտօնին ատակ անձնաւորութեան մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու», ըսաւ ան:

Պլոքը խստիւ քննադատեց նաեւ Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ մէջ պատերազմին մասնակցութիւնը:

Մուսթաքպալ պլոքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ 2015-ի պետական պիւտճէի նախագիծի մշակումը, պայմանաւ որ անիկա ընդգրկէ համապատասխան յաւելումները:

Նախորդը

Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Ապահովական Ծրագիրը Սկսաւ Գործադրուիլ

Յաջորդը

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Մեկնեցաւ Յորդանան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.