Քալամունի Ճակատամարտը Բռնկած Է` «Ակնյայտ Նուաճում» Գործողութիւն Անուանումին Ներքեւ
Սուրիական աղբիւրներ յայտնեցին, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Քալամունի սուրիական բաժինին մէջ բռնկած են զինեալ բախումներ` մէկ կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զինեալներուն, իսկ միւս կողմէ` Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ սուրիական բանակին միջեւ: Քալամունի բարձունքներուն վրայ զինեալներուն կողմէ յայտարարուած ճակատամարտը կրեց «Ակնյայտ նուաճում» գործողութիւն անուանումը: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, յարձակումը գործուեցաւ Հըզպալլայի դէմ: Յարձակումին կողքին արձակուեցան նաեւ հրթիռներ` թիրախ դարձնելով Հըզպալլայի կեդրոնները: Սակայն Հըզպալլա...
















