Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարար Լափօ Փիսթելլի Այցելեց Լիբանան

Ապրիլ 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-29-15_Salam_ItanianԻտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Լափօ Փիսթելլի այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան երկու պետերուն, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններու եւ կրօնականներու հետ:

Այն Թինէի մէջ Փիսթելլի ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հնարաւորութիւնները:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Փիսթելլին` ընկերակցութեամբ Մորապեթոյի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Փիսթելլի ուղղուեցաւ նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր ան հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք Փիսթելլի շեշտեց, որ անակնկալ մը բացայայտած չ՛ըլլար, եթէ ըսէ, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները հեզասահ են, եւ գրեթէ բոլոր մարզերուն պարագային իտալական-լիբանանեան գործակցութիւն կայ: Ան աւելցուց, որ Եւրոպական Միութեան հետ տնտեսական գործակցութեան առումով Իտալիա Լիբանանի հետ գործակցող առաջին պետութիւնն է:

Փիսթելլի յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը կը միտի օժանդակել Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` լուծելու իրենց դիմագրաւած լուրջ հարցը, որ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքն է:

«Եւրոպա պէտք է Լիբանանէն դասեր քաղէ` գաղթականները ընդունելու պատասխանատուութեան ստանձնման առումով», ըսաւ ան:

Փիսթելլի բարձր գնահատեց լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ճկունութիւնն ու առատաձեռնութիւնը:

4-29-15_pistelli_nakuraՏար Ֆաթուայի մէջ Փիսթելլի հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Տըրիան բարձր գնահատեց Իտալիոյ ցուցաբերած զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

Փիսթելլի այցելեց նաեւ Հարաւային Լիբանան, ուր ան ստուգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող իտալական խաղաղապահ ուժերուն զօրամասը, որ տեղակայուած է Շամաա գիւղաքաղաքին մէջ:

Այս շրջագիծին մէջ Փիսթելլի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի հետ:

Իտալացի պետական պաշտօնատարը բարձր գնահատեց զինուորներուն ջանքերը` խաղաղութիւնը պահպանելու առումով եւ աւելցուց, որ Իտալիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան:

 

Նախորդը

Խալետ Տահեր Կը Բացայայտէ Իր Օսմանեան Արմատները

Յաջորդը

Պըրրի. «Զօր. Աունի Հետ Տարակարծութիւն Ունենալս Չի Նշանակեր, Որ Մեր Միջեւ Ռազմավարական Առումով Հարց Կայ»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լը Տրիանը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լը Տրիանը

Յունիս 12, 2025
Պըրրի. «Լիբանանն ու Հարաւի Բնակիչները  Ուրիշներէն Առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ին Իրենց  Գիւղերուն Մէջ Մնալը Կ՛ուզեն»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանանն ու Հարաւի Բնակիչները Ուրիշներէն Առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ին Իրենց Գիւղերուն Մէջ Մնալը Կ՛ուզեն»

Յունիս 12, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Մարդասիրական Հարցերու Յանձնակատարը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Մարդասիրական Հարցերու Յանձնակատարը

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?