Լիբանանեան մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկներուն` ժողովրդային քայլարշաւին եւ ապա հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին` վրայ 24 ապրիլ 2015-ին:
Ստորեւ կ՛անդրադառնանք շաբաթ, 25 ապրիլ 2015-ին Լիբանանի մէջ լոյս տեսած օրաթերթերուն.
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»
Թերթի առաջին էջին վրայ զետեղուած է քայլարշաւի պատկերը: 6-րդ էջով լոյս տեսած յօդուածը կը կրէր հետեւեալ խորագիրը. «Մարդկային հեղեղը կապեց Անթիլիասը Պուրճ Համուտին. արդարութիւնը պիտի գայ»:
Յօդուածին սկիզբը կ՛ըսուի, թէ հայերը` կազմելով մարդկային միացեալ պատկեր մը, որ երկարեցաւ Անթիլիասէն Պուրճ Համուտ, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին իրենց նահատակներուն, որոնք ինկան 100 տարի առաջ: Հայերը իրենց խուռներամ բազմութեամբ, որուն թիւը կը հասնէր տասնեակ հազարներու, փաստեցին, որ հաւատարիմ կը մնան իրենց նահատակներուն:
Յօդուածին մէջ կ՛ըսուի նաեւ, թէ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները` ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ , շեշտեցին մայրիներու հայրենական ու քրիստոնեայ դիմագիծը:
Թէեւ հայերը սփռուած են աշխարհով մէկ, բայց Լիբանանի մէջ 100-ամեակի այս ոգեկոչումը համահաւասար էր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ոգեկոչման արարողութիւններուն եւ փաստեց , որ հայերը փոքրամասնութիւն չեն, այլ մարդկային արժէք կը ներկայացնեն իրենց կեանքով, կենցաղով ու նուիրումով:
Նոյն յօդուածը ունէր նաեւ երկու ենթախորագիր. մէկը կը վերաբերէր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կատարած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն նուիրուած եկեղեցական արարողութեան եւ անոր տուած հայրական պատգամին, իսկ միւսը` «Երեւանէն Լիբանան. Ո՞ւր է միջազգային օրէնսդրութիւնը»:
Այստեղ կը խօսուէր Լիբանանի զօրակցութեան եւ պաշտօնական մասնակցութեան` Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն:
«ԱԽՊԱՐ»
«Խուռներամ քայլարշաւ` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած», «Պիտի շարունակենք երթը» յօդուածը կ՛անդրադառնայ քայլարշաւին, որուն մասնակից դարձան մանուկները, ծերերն ու երիտասարդները: Ապա կ՛անդրադառնայ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ արտասանուած խօսքերուն:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»
Օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած Արամ Ա. կաթողիկոսի մատուցած եկեղեցական արարողութեան, մատուռի վերաօծման, ապա Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի պատգամին, որմէ ետք երեք կուսակցութիւններու առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած ժողովրդային քայլարշաւին:
Ապա անդրադարձ կատարուած է ոգեկոչումի ձեռարկին հնչած խօսքերուն:
«Մուսթաքպալ» ակնարկած է նաեւ 23 ապրիլ 2015-ին «Միշել Մըր» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած երիտասարդական հսկումի ձեռնարկին:
Նոյն էջին մէջ տեղ տրուած է նաեւ նախարարներու կատարած անդրադարձին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:
«ՆԱՀԱՐ»
Թերթին առաջին էջով պատկերուած է 100-ամեակի քայլարշաւի պատկերը:
8-րդ էջով լոյս տեսած յօդուածը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Ծովածաւալ քայլարշաւ եւ ոգեկոչում Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով. չենք մոռնար, իսկ Թուրքիան պարտաւոր է ճանչնալ եւ հատուցել»:
Յօդուածը կը խօսի հսկայածաւալ քայլարշաւին մասին, ուր կ՛ըսուի, թէ Անթիլիասը Պուրճ Համուտին կապող մայրուղին լեցուն էր տասնեակ հազարաւոր հայորդիներով եւ որ շուրջ երկու ժամ եւ աւելի փակ մնաց: Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային հաւաքին, որուն ընթացքին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ ելոյթ ունեցան: Յօդուածը մէջբերում կատարած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատուիի խօսքէն:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը գրէր.
«Հայերը Լիբանանի մէջ ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը»
խորագիրին տակ տեղադրուած էին երկու ենթախորագիրներ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կատարած եկեղեցական արարողութեան` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ապա անոր խօսքը:
Նոյն յօդուածին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Անթիլիասէն Պուրճ Համուտ կատարուած քայլարշաւին եւ ժողովրդական հաւաքին` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ, ուր երեք հայկական կուսակցութիւնները արտասանած են քաղաքական իրենց կեցուածքները:
«ՍԱՏԱ ՊԱԼԱՏ» օրաթերթի առաջին էջին վրայ պատկերուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած քայլարշաւը:
«Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը. Թուրքիան պարտաւոր է ճանչնալ եւ հատուցել»:
Յօդուածին մէջ ներկայացուած է հայկական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպած ժողովրդական հաւաքը, ուր մէջբերումներ կատարուած են հաւաքին ընթացքին խօսք առնող կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչներուն խօսքերէն:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը կը գրէ.
«Լիբանանի հայերը կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութիւնը. կը յայտարարեն, որ չեն ուզեր վրէժխնդրութիւն, այլ` ճանաչում եւ հատուցում»
Յօդուածը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Անթիլիասի մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը, ապա քայլարշաւը, ժողովրդական հաւաքին ընթացքին արտասանուած խօսքերը:
«ԼԻՈՒԱ»
«Ժողովրդական հաւաք եւ քայլարշաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները պահանջեցին, որ Թուրքիա ճանչնայ ցեղասպանութիւնը եւ արդարութիւնը հաստատէ»:
Յօդուածը կը խօսի Լիբանանի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպած քայլարշաւին, ապա հաւաքին մասին:
Նոյն յօդուածին մէջ տեղադրուած է այլ խորագիր մը` «Պասիլ մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան ոգեկոչման», ուր կը խօսուի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի պաշտօնական այցելութեան եւ մասնակցութեան` Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, շեշտելով երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած տնտեսական գործակցութեան զարգացման:
«ՇԱՐՔ»
«Շարք» օրաթերթին առաջին էջին վրայ պատկերուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած քայլարշաւին նկարը:
«Քայլարշաւ եւ հաւաք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին» խորագիրը կրող յօդուածը կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած քայլարշաւին, ժողովրդական հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետի խօսքին:
Յօդուածը անդրադարձած է նաեւ ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբադասման եւ այդ առիթով ամբողջ աշխարհին մէջ հայկական եկեղեցիներու զանգերու ղօղանջումին, ինչպէս նաեւ պետական մարմիններու արտայայտութիւններուն եւ կեցուածքին:
«ՊԻՆԱ» օրաթերթը առաջին էջին վրայ տեղադրած է քայլարշաւին պատկերը:
«Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն մասնակցութեամբ ժողովրդական հաւաք Պուրճ Համուտի մէջ` պահանջելով Թուրքիայէն, որ ընդունի իր պատասխանատուութիւնը ջարդերուն վերաբերեալ»
«Բագրատունի կ՛ըսէ. Ցեղասպանութեան հարցը, ըլլայ ան արաբական թէ հայկական, շատ աւելի բարձր է, քան նահատակներու աճիւններուն վրայ հիմնուած երկրի մը հետ շահերն ու համաձայնութիւնները»:
Յօդուածին մէջ յատուկ խորագիրով կը ներկայացուի պետական եւ հոգեւոր անձնաւորութիւններու զօրակցութիւնը հայութեան դատին:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»
Թերթի առաջին էջին վրայ տեղադրուած է «Աշխարհը կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը» խորագիրը:
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը Լիբանանի մէջ քննարկման նոր նիւթ է:
Հայերը կազմակերպեցին հսկայածաւալ քայլարշաւ, որուն իբրեւ պատասխան Թրիփոլիի մէջ բարձրացան թրքական դրօշներ: