Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ներկայացնեն Լիբանանի արտաքին իսկական քաղաքականութիւնը:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ կը վարուի այնպէս մը, որ բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն նուազուրդը նախապատրաստական աշխատանք է բջիջային հեռաձայնի մարզը ապապետականացնելու:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ լիբանանցիները կը տառապին համայնքային բորբոսած վարչակարգին հետեւանքներէն:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ուժեր նախանցեալ երեկոյեան ապահովական արտակարգ միջոցառումներ որդեգրեցին Հիւսիսային Լիբանանի Պապ Թըպպանէ շրջանին մէջ եւ խուզարկեցին շրջանը` փնտռելու համար ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով իր գրաւը դրած է ֆրանսական դերակատարութեան վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Իրան իր ձեռքը պահած է Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը եւ զայն կ՛օգտագործէ իր անձնական շահերուն համար:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ անհրաժեշտ նկատեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստի մը գումարումը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ մշակուող փոխըմբռնման յայտարարութիւնը արդէն իսկ աւարտած է, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպումը մօտալուտ է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու քայլը երկրին աշխատանքները խանգարելու ոչ մէկ միտում ունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ փոխըմբռնումի յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ ազգային-քրիստոնէական նոր հանգրուանի մը մուտքը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հարաւային արուարձաններուն մէջ յաջողութեան համեմատութիւնը համազօր է այլ շրջաններուն մէջ անոր համեմատութեան:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած ահաբեկչական խմբաւորումներու պատասխանատու Ահմետ Ասիր կը գտնուի Սայտայի մէջ եւ ան կ՛ենթարկուի լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան խիստ հետապնդումին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարութեան համաձայն, Հարաւային արուարձաններուն մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութենէն ետք, ներքին ապահովութեան ուժերը պիտի ուղղուին Զաայթրիէ` նոյն նպատակով:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած լիբանանցի բանակայինները ազատ արձակելու առումով քաթարցի բանագնացին վարած բանակցութիւնները գրեթէ հասած են իրենց վերջին հանգրուանին, եւ կը նախատեսուի, որ այդ թղթածրարը դրական աւարտ մը ունենայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ իր երկրին մէջ կատարուած նոր նշանակումները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն` քաղաքական զարգացումներուն հետ քայլ պահելու առումով:

ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Իսամ Ֆարես յայտնեց, որ Լիբանանը ինչքան դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուի ան իբրեւ երկիր եւ ժողովուրդ դիմադրելու մեծ կարողութիւն ունի:

 

 

 

Նախորդը

Սիւննիներն Ու Քիւրտերը Իրաքէն Անջատ Նկատող Ամերիկեան Բանաձեւը Մերժող Իրաքեան Կեցուածքներ

Յաջորդը

Ապահովութեան Ուժերը Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Շարունակեցին Գործադրել Ապահովական Ծրագիրը

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?