Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովութեան Ուժերը Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Շարունակեցին Գործադրել Ապահովական Ծրագիրը

April 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-29-15_mashnouk_DahieԼիբանանեան բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերն ու ընդհանուր ապահովութեան ուժերը երէկ շարունակեցին իրենց մշակած ապահովական ծրագիրը գործադրել Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ:

Այս շրջագիծին մէջ Հայ Սըլլոմի, Հարեթ Հըրէյքի եւ Լայլաքիի մէջ կատարուեցան ներխուժումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք ձերբակալուեցան լիբանանցիներ եւ պաղեստինցի մը, որոնք պահանջուած էին քաղաքացիներուն եւ լիբանանեան բանակին դէմ կրակելու յանցանքով:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ուղղուեցաւ Հարաւային արուարձաններ` հետեւելու համար ապահովական ծրագիրի գործադրութեան եղանակին:

Մաշնուք յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ չկայ շրջան մը, որ փակ է լիբանանեան պետութեան դիմաց` աւելցնելով, որ ինք երրորդ անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Հարաւային արուարձաններ:

Իր կատարած այցելութեան լոյսին տակ, Մաշնուք երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ ակնկալել, որ ապահովական այս ծրագիրը հրաշքներ գործէ, սակայն անիկա ցոյց տուած է, թէ բոլոր լիբանանցիներուն ընտրանքը լիբանանեան պետութիւնն է:

«Ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի շարունակուի ձերբակալելու համար դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած կարգ մը յանցագործներ», ըսաւ ան:

Մաշնուք նշեց, որ իրենք կարճ ժամանակի ընթացքին կրցած են լիբանանեան շրջաններուն մէջ ապահովութիւն հաստատել, հակառակ շրջանին մէջ տիրող կացութեան:

Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանը զանց կացուցելու շրջանին մէջ բռնկած հրդեհներէն` աւելցնելով, որ մասամբ յաջողած են նկատի ունենալով ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնն ու քաղաքական երկխօսութիւնը:

«Քաղաքական եւ ապահովական մեր ջանքերը կանգ պիտի չառնեն` ներքին եւ արտաքին առումով, իսկ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքին հետ մեր հանդիպումները ընթացքի մէջ են: Մենք նոյն խորհրդարանին անդամներն ենք եւ մեր միջեւ երկխօսութիւնը առկայ է», եզրափակեց Մաշնուք:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Խալետ Տահեր Կը Բացայայտէ Իր Օսմանեան Արմատները

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.