Ֆրենժիէ. «Կը Զօրակցիմ Հըզպալլայի Զէնքին, Եթէ Ան Զիս Իբրեւ Փոքրամասնութիւն Կը Պաշտպանէ»
Սլէյման Ֆրենժիէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք տեղեակ էր, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպում մը պիտի կատարուի` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ ստորագրուած միացեալ նպատակներու փաստաթուղթին եւ անոր գործադրութեան: «Մենք մեր քաղաքականութիւնը պիտի չփոխենք, եւ...
















