Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, հանդիպելէ ետք Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ, շեշտեց քաղաքացիները պաշտպանելու առումով ապահովութեան ուժերուն եւ կառոյցներուն կարողութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը հետեւած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն մէկ խումբին, որ ծրագրած էր Հմայտի հովիտէն յարձակում գործել Արսալի մէջ գտնուող իր կեդրոններուն վրայ, եւ ռմբակոծած զայն: Ռմբակոծումը պատճառած է մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ ենթարկուած են ռմբակոծումի եւ սպաննուած:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ ահաբեկչական ծրագիր մը պիտի գործադրուի իրաքցի Ապու Քաթատայի կողմէ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ Մարատա հոսանքը պիտի զօրակցի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, մինչեւ որ անոր պահանջները գործադրուին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 200 լ. ոսկիով սղած է, 98 օքթան պենզինին սակը` 300 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 200 լ. ոսկիով:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը քրիստոնէական ժայռ մըն է, որ պէտք է պահպանել եւ հսկել անոր զարգացման` աւելցնելով, որ իրենք նախանձախնդիր են Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութեան:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան ընդգծեց, որ կարգ մը ղեկավարներու կողմէ Մոհամետ Մուրսիի պաշտպանութիւնը կը փաստէ, թէ անոնք եւս կը պաշտպանեն Մուրսիի ահաբեկչական ուղեգիծը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Տաուտ կոչ ուղղեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին վերատեսութեան ենթարկելու իր հաշիւները` առանց վստահութիւն ընծայելու Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականներ կուսակցութեան նախագահ Թրէյսի Շամուն կոչ ուղղեց ճշդուած թուականին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ դաշինք մը գոյացնելը կարելի է:

ՍՈՒՐԻ կրօնաւորներու հանդիպումի նախագահ շէյխ Ալի Եասին կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը զինելու` դիմադրելու համար հաւատադրժողական ահաբեկչութեան:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ Լիբանանը երկխօսութեան երկիրն է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է հակառակորդ կողմերուն հետ երկխօսութիւն կատարել` յանգելու համար լուծումներու:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ռամատանի առիթով Լիբանանի մէջ որդեգրուած են ապահովական խիստ միջոցառումներ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի Թուրքիա կատարած այցելութիւնը ունեցած է իր դրական արդիւնքները` Իտլիպի տիւրզի համայնքին պաշտպանութեան առումով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ որոշած է շրջանային իրադարձութիւններուն դիմադրել իմաստուն կեցուածքներով` պահպանելու համար Լիբանանն ու անոր ապահովական կայունութիւնը: Միւս կողմէ, նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Հըզպալլա փափաք յայտնած է, որ վարչապետ Սալամ շարունակէ կառավարութեան նիստերը վերստին գումարելու առումով իր սկսած խորհրդակցութիւնները:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը Լիբանանի համար բախտաւորութիւն պիտի ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ, հանդիպելէ ետք հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի հետ, շեշտեց, որ Արսալի պաշտպանութիւնը լիբանանեան բանակին պատասխանատուութիւնն է:

 

 

Նախորդը

Մինչ Քրտական Ուժերը Խուզարկում Կատարելու Համար 20 Գիւղեր Իրենց Բնակիչներէն Կը Պարպեն. Թուրքիա Թել Ապիատի Դիմաց Հողաթումբեր Կը Կանգնեցնէ

Յաջորդը

Պասիլ Ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Մէկ Պատուիրակութիւնը Եւ Զասիփքինը

RelatedPosts

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին  Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»

November 12, 2026
Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար  «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի

November 12, 2026
Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը  Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ
Լիբանանեան

Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.