
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ներկայութեամբ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտի եւ խորհուրդի անդամ դատաւորներուն, խստիւ դատապարտեց Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ցնցելիք հաւանական միջադէպերու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը:
Ռիֆի ընդգծեց, որ այդ տեղեկութիւնները անճիշդ են եւ տարաձայնութիւններու սահմաններուն մէջ կ՛իյնան: «Հիւսիսային Լիբանանը բանակին հովանիին տակ խաղաղ եւ ապահով շրջան մը կ՛ապրի եւ եկող օրերը պիտի փաստեն այդ իրականութիւնը», ըսաւ ան:
Ան ցաւ յայտնեց հանրապետութեան նախագահի չընտրուելուն համար: