Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Պատճառեցին Զոհ Մը Եւ 10 Վիրաւորներ

June 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-18-15_ain_helweՊաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ Ֆաթհի եւ Ժունտ Շամի միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնք պատճառեցին զոհ մը` Ֆաթհի անդամ Մահմուտ Սամիհ, ինչպէս նաեւ վիրաւորեցին 10 ուրիշներ:

Պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ ամբողջ օրուան ընթացքին տիրեց լարուած մթնոլորտ մը` նկատի ունենալով կրակոցը եւ գաղթակայանին փողոցներուն մէջ շրջագայող դիմակաւոր զինեալներու գոյութիւնը:

Զինեալ բախումները կեդրոնացան Թայթապա փողոցին մօտակայքը, իսկ յետմիջօրէին Ֆաուքանի թաղամասին մէջ նշմարուեցան Օսպաթ Անսարի զինեալներ:

Պաղեստինեան ապահովական միացեալ ուժերու պատասխանատու Մունիր Մաքտահ շեշտեց, որ ճիգ չի խնայուիր գաղթակայանին անդորրը վերահաստատելու նպատակով` աւելցնելով, որ գաղթակայանին փողոցներէն զինեալները տուն կանչելու համար շարք մը հաղորդակցութիւններ կատարուած են:

Երեկոյեան Լիբանանի մէջ Համասի ներկայացուցիչ Ալի Պարաքէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի հետ, որուն հետ քննարկեց Այն Հելուէի մէջ տիրող կացութիւնը` անկէ պահանջելով միջամտել Ֆաթհի պատասխանատուներուն մօտ` վերջ տալու համար բախումներուն եւ գաղթակայանին փողոցներուն վրայ զինեալներու գոյութեան, պահպանելով Այն Հելուէի ապահովական կայունութիւնը եւ յարգելով ռամատանի խորհուրդը:

Այս բանակցութիւններուն լոյսին տակ գոյացաւ համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Այն Հելուէի մէջ զինեալ բախումները պիտի դադրին, զինեալներու գոյութիւն պիտի չնշմարուի եւ պաղեստինեան զինեալ տարբեր թեւերուն միջեւ ընդարձակ նիստ մը պիտի գումարուի:

Նախորդը

Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Միւֆթի Տըրիանի, Շէյխ Քապալանի Եւ Շէյխ Նայիմ Հասանի

Յաջորդը

Փաքիստանի Մէջ Քրիստոնեաներու Նկատմամբ Հալածանքը Համեմատած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.