Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

June 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սալամ եւ Սիսի
Սալամ եւ Սիսի

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Եգիպտոս, ուր հաստատեց, որ ահաբեկչութիւնը Լիբանանի համար մեծ մտահոգութիւն է, եւ այդ պատճառով ալ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ամէն իմաստով քաջալերելու չափաւորականութիւնը` պայքարելու համար ծայրայեղութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ:

Վարչապետ Սալամ Եգիպտոսի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ:

Ան ընդունուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ` ներկայութեամբ Եգիպտոսի վարչապետ Իպրահիմ Մահլապի եւ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն եւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները, մասնաւորաբար սուրիացի գաղթականներուն հսկայ թիւին պատճառով:

Սիսի հաստատեց, որ Եգիպտոս անհրաժեշտ կը նկատէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու քայլը` առաջնահերթութիւն նկատելով սուրիական պետութեան պահպանումը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը` շեշտելով ամէնէն արագ միջոցին այդ ընտրութիւնը կատարելու եւ երկրին կայունութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ ահաբեկչութեան, լիբանանեան բանակին զօրակցութեան եւ օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու արաբական ռազմավարութիւն մը մշակելու կարելիութիւնները:

Սալամ եւ շէյխ Ահմետ Թայիպ
Սալամ եւ շէյխ Ահմետ Թայիպ

Վարչապետ Սալամ այցելեց նաեւ Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայիպի, որուն հետ քննարկեց արաբական եւ իսլամական աշխարհը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ծայրայեղութեան ալիքը, որուն շրջագիծին կը բարձրանան կրօնական կարգախօսներ:

Հանդիպումէն ետք Սալամ դրուատեց Ազհարի շէյխին ջանքերը` կրօնական չափաւորականութիւնը քաջալերելու եւ հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու անոր կոչերուն իմաստով:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` Իպրահիմ Մահլապի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին վարչապետ Սալամ ըսաւ, որ Լիբանան ժողովրդավարական երկիր է, եւ իբրեւ այդպիսի հոն առիթ կայ յարգելու քաղաքական տարբերութիւնները, որոնք երբեմն կ՛ուղղուին դէպի պետական կառոյցներու աշխատանքի արգելակում, ինչ որ անօգուտ է: «Հետեւաբար բոլոր ուժերը պէտք է ըմբռնեն, թէ առանց նախագահի երկիրը չի կրնար գոյատեւել: Այսօր երկրին մէջ կայ համախոհական կառավարութիւն մը, որ ժամանակաւորապէս կը փորձէ հարթել նախագահական թափուր աթոռին ստեղծած բացը, սակայն անհրաժեշտ է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարել` ամբողջացնելու համար Լիբանանի ուժն ու դիմադրողականութիւնը», հաստատեց ան:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ այցելեց նաեւ Արաբական լիկայի կեդրոնը, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ղպտիներու հոգեւոր պետ Թէոդորոս Բ. պապին հետ:

 

Նախորդը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Աշխուժացնելու Սահմանադրական Հաստատութիւնները` Սկսելով Խորհրդարանէն Ու Կառավարութենէն

Յաջորդը

Ֆրանսայի Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսարանը Իշխանութիւններէն Պահանջած Է Պատժել Խաղաղ Ցոյց Կատարող Հայերը

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.