Դիմադրութեան Մարտիկները Իրենց Հակակշիռին Տակ Առին Թալլեթ Քուշը Եւ Քըրնեթ Ռաս Սաապէն
Դիմադրութեան մարտիկները երէկ առաւօտեան ռմբակոծեցին Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալները, յատկապէս անոնք, որոնք կը գտնուին Խէյլի եւ Հարիքի հովիտներուն մէջ: Հըզպալլայի մարտիկներն ու սուրիական բանակը իրենց հակակշիռին տակ առին Քալամունի Ժարաժիրի բարձունքներուն վրայ գտնուող Թալլեթ Քուշը եւ Քըրնեթ Ռաս Սաապէն: «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը երեկոյեան հաղորդեց, որ Քալամունի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի էմիրը` Ապու Պալքիս Պաղտատի սպաննուած է արեւելեան Արսալի մէջ գտնուող Հմայտ...


















