Դիմադրութեան Մարտիկները Ետ Մղեցին ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներուն Յարձակումը Եւ Քանդեցին Ժապհաթ Նուսրայի Զրահապատներ
Դիմադրութեան մարտիկները երէկ յետմիջօրէին Արսալի բարձունքներուն վրայ քանդեցին Ժապհաթ Նուսրայի զրահապատներ: Միւս կողմէ, կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին անոնք Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ հետեւեցան ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն քայլերուն եւ բացայայտեցին լիբանանեան բանակին դէմ անոնց կողմէ կատարուելիք յարձակում մը, որ ետ մղուեցաւ: Լիբանանեան բանակը իր կարգին ռմբակոծեց հաւատադրժողական զինեալներուն դիրքերը: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ետ մղուած յարձակումը պատճառ դարձաւ, որ անոնք ուղղուին դէպի Ժարաժիրի...


















