Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամի Ժեմայէլ Հըզպալլայի Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու Փափաք Կը Յայտնէ

June 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սամի Ժեմայէլ
Սամի Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական կեանքը անկարելի է կայունացնել առանց կուսակցութիւններու գոյութեան, «սակայն քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է իմանան, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքը միայն հաւաքական աշխատանքով է, որ կը զարգանայ», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը իր անցեալէն դասեր քաղելով պիտի փորձէ կերտել փայլուն ապագայ մը` շեշտելով, որ իրեն համար 2005-էն ի վեր յստակ է, թէ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններուն արտաքին կապերը եւ յանձնառութիւնները պատճառ կը դառնան քաղաքական վարչակարգին մէջ ստեղծուող տագնապին:

«Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը փափաքի լիբանանցիներուն ապագային մասին մտածել եւ ոչ թէ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին վրայ կեդրոնանալ», ըսաւ Ժեմայէլ` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ իւրաքանչիւր լիբանանցի բանակին նեցուկ կանգնելով պէտք է դիմադրէ ահաբեկչական վտանգին, որ կը սպառնայ ամբողջ շրջանին: Այս առումով Ժեմայէլ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի նաեւ Հըզպալլային, պայմանաւ որ անիկա բանակի հրամանատարութեան հրահանգով առաջնորդուի: «Հաւատադրժողականներուն դէմ պայքարը կարելի չէ յաջողցնել, երբ լիբանանցիները բաժնուած են, իսկ Հըզպալլա իր կարողութիւնները պէտք է զետեղէ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան տրամադրութեան տակ», ըսաւ ան` հաստատելով, որ ինք կը փափաքի Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կատարել:

Սամի Ժեմայէլ շեշտեց նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ կառավարութեան աշխատանքները չխոչընդոտելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ինք համաձայն է բանակի հրամանատարին եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումները կատարելու անոնց պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք:

Սամի Ժեմայէլ դրուատեց Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ միացեալ նպատակներու յայտարարութիւնը` նկատել տալով միաժամանակ, որ անիկա նախաձեռնած է փակել Լիբանանի սեւ էջերէն մէկը:

 

Նախորդը

Ժահժահ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Զօր. Աունի Հետ Մեր Սկսած Քննարկումներուն Առաջնահերթութիւնն Է»

Յաջորդը

Ֆրենժիէ. «Կը Զօրակցիմ Հըզպալլայի Զէնքին, Եթէ Ան Զիս Իբրեւ Փոքրամասնութիւն Կը Պաշտպանէ»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.