Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին ապահովութեան երաշխիքն է` աւելցնելով, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է համեստ դառնան եւ ճիգ չխնայեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին փափաք յայտնեց, որ բոլորը վերադառնան իրենց գիտակցութեան եւ անդրադառնան զիրենք շրջապատող վտանգներուն: Ան խստիւ մերժեց Լիբանանի վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ ինք կը յարգէ Թաէֆի համաձայնագիրը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յոյս յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը հրաւիրէ յատուկ նիստի մը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ծառայութիւնը աւարտելու իմաստով բանեցուած ճնշումը համազօր է զայն պատիժի ենթարկելու քայլին: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրելու պարագային բոլոր նախարարները մասնակցին այդ նիստին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը հաստատեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը համոզուած է, թէ Լիբանանի համար օգտակար է այսօր ընտրել նախագահ մը, քան` վաղը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ իրենք առաւելագոյն չափով կը վստահին վարչապետ Թամմամ Սալամին` աւելցնելով, որ ժամանակն է արդէն կառավարութիւնը հրաւիրելու նիստերու:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ անդադար խորհրդակցութիւններ պիտի չկատարէ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելու նպատակով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ Տորի Շամուն շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ պատճառ դառնալ կառավարութեան պառակտումին, ինչպէս նաեւ խոչընդոտել անոր աշխատանքները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ արդարութիւն ըլլար, ապա Աշրաֆ Ռիֆի կը բանտարկուէր եւ ոչ թէ արդարութեան նախարար կը նշանակուէր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ իրենք բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ ոչ մէկ հարց ունին` աւելցնելով սակայն, որ Քահուաժիի ապօրինի ծառայութիւնը` իբրեւ բանակի հրամանատար, լիբանանեան բանակին հզօրացման դէմ է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ կատարեց Պեքաայի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի եւ  ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն դէմ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց անմիջապէս կատարելու ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումները, որոնք կառավարութեան պատասխանատուութիւնն են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ սահմանադրութիւնը Ս. Գիրք չէ եւ կարելի է զայն բարեփոխել ու ժողովուրդներուն շահերուն պատշաճեցնել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ իրենց պլոքը կը մերժէ պետական հաստատութիւններուն մէջ աշխատանքի սառեցումը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ղազի Արիտի շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն դէմ հարուածները սկսած են վնաս հասցնել լիբանանցիներու շահերուն:

 

 

Նախորդը

Չարլսթոնի Եկեղեցիին Դէմ Յարձակումին Հարցով Կասկածեալը Ձերբակալուեցաւ

Յաջորդը

Ժահժահ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Զօր. Աունի Հետ Մեր Սկսած Քննարկումներուն Առաջնահերթութիւնն Է»

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.