Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Աշխուժացնելու Սահմանադրական Հաստատութիւնները` Սկսելով Խորհրդարանէն Ու Կառավարութենէն

June 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին` աւելցնելով, որ նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմանները, կարելի չէ նման ձեւով շարունակել, այլ անհրաժեշտ է աշխուժացնել սահմանադրական հաստատութիւնները` սկսելով խորհրդարանէն ու կառավարութենէն:

Հանդիպումէն ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Պըրրիի հետ տարակարծիք ըլլալու իմաստով գրաւները ձախող գրաւներ են:

Իր կարգին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ եւ շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ` կառավարութեան աշխատանքը վերաշխուժացնելու միտումով:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ այս հանգրուանին կառավարութիւնը նիստեր պիտի չգումարէ` աւելցնելով, որ ոչ մէկ նախարար իրաւունք ունի կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին միջամուխ դառնալու:

Նշենք նաեւ, որ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի Արեւելքի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի Արեւելքի դեսպան Մարիսա Մաթիասի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի վրայ Սուրիոյ զարգացումներուն ունեցած հետեւանքները:

 

Նախորդը

Մուքպել Ընդունեց Սիկրիտ Քաակը

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

RelatedPosts

Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

February 9, 2026
Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.