Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Միւֆթի Տըրիանի, Շէյխ Քապալանի Եւ Շէյխ Նայիմ Հասանի

June 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

Մաշնուք եւ միւֆթի Տըրիան
Մաշնուք եւ միւֆթի Տըրիան

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի:

Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ քաղաքական ուժերուն հետ իր սկսած խորհրդակցութիւնները աւարտելէ ետք պիտի ձեռնարկէ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելու այն թուականին, երբ ինք յարմար կը նկատէ:

Պատասխանելով բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու եւ մագլցողական քայլերու դիմելու մասին հարցումի մը` Մաշնուք շեշտեց, որ նման քայլեր անօգուտ պիտի ըլլան, յատկապէս քաղաքական հարցերու լուծման առումով:

Մաշնուք ընդգծեց, որ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած է լիբանանեան քաղաքական տագնապները` ընդգծելով, որ շէյխ Տըրիան հոգեւոր պետ չէ, այլ չափաւորականութեան պետը` իսլամներուն թէ լիբանանցիներուն համար:

Լրագրողներուն հարցումներէն մէկուն պատասխանելով` Մաշնուք ըսաւ, որ Արսալ լաւ վիճակի մէջ է` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան բանակը իր բոլոր պարտաւորութիւնները կը կատարէ:

Քապալանի Մօտ

Շէյխ Քապալանի հետ հանդիպումէն պահ մը
Շէյխ Քապալանի հետ հանդիպումէն պահ մը

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ընդունեց Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք հաստատեց, որ շէյխ Քապալանը շնորհաւորած է ռամատանի առիթով եւ անկէ իմացած լիբանանեան ներկայ իրավիճակին մասին անոր կեցուածքները, որոնց առանցքը կը կազմեն արդարութիւնը, չափաւորականութիւնը, իմաստութիւնն ու երկխօսութիւնը:

Մաշնուք աւելցուց, որ շէյխ Քապալանին հաստատած է, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական տարակարծիք այլ ուժերու միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ երկրին քաղաքական տագնապներուն լուծումներ գտնել:

«Քապալան բարձր գնահատեց երկրին մէջ տիրող չափաւորականութիւնը, երկխօսութիւնը եւ խաղաղութիւնը` ընդգծելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը», շեշտեց Մաշնուք:

Լրագրողներուն հարցումներէն մէկուն պատասխանելով` Մաշնուք շեշտեց, որ ինք մնայուն կերպով կ՛այցելէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Տիւրզի Համայնքի Հոգեւոր Կեդրոնին Մէջ

Մաշնուք եւ շէյխ Նայիմ Հասան
Մաշնուք եւ շէյխ Նայիմ Հասան

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան իր կարգին ընդունեց Մաշնուքը:

Շէյխ Հասան ընդգծեց լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` երաշխաւորելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Իր կարգին, Մաշնուք յայտնեց, որ ինք ցաւակցութիւն յայտնած է շէյխ Հասանի` Քալպ Լաուզէի մէջ կատարուած սպանդին առումով:

Մաշնուք շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած են վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի չափաւորական կեցուածքները` Լիբանանի քաղաքական տագնապը լուծելու նպատակով:

Ան շեշտեց, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած հարցերուն, Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը շրջանի երկիրներէն շատ աւելի լաւ է եւ բոլորին ջանքերով է, որ կարելի եղած է Լիբանանը հեռու պահել Իրաքի եւ Սուրիոյ հրդեհին բոցերէն:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ապու Ֆաուրի, Տը Ֆրէյժի Եւ Քաակի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Պատճառեցին Զոհ Մը Եւ 10 Վիրաւորներ

RelatedPosts

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն  Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան.  Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան. Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով

March 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 13, 2026
Իսրայէլեան Ազդարարութեանց  Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ.  Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի  Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ. Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

March 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.