ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ` շնորհաւորելով անոր կուսակցութեան նախագահ ընտրութիւնը:
ՍԻՆ ԷԼ Ֆիլի բանջարեղէնի շուկային մէջ երէկ կէսօրին բռնկեցաւ հեդեհ մը: Հրշէջները անմիջապէս հասան հրդեհին վայրը եւ կրցան անմիջապէս հակակշիռի տակ առնել զայն:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Նապաթիէի եւ Իքլիմ Թուֆահի վերեւ: Նշենք, որ «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր իրենց կարգին թռիչքներ գործեցին Պընթ Ժպէյլի, Արքուպի, Հասպայայի, Ժապալ Շէյխի, Ժեզզինի եւ Արեւելեան Պեքաայի վերեւ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մըր յայտնեց, որ Լիբանանի վիճակը տխուր է` աւելցնելով, որ ո՛չ կառավարութիւնը եւ ո՛չ ալ խորհրդարանը իրենց դերակատարութիւնը կը կատարեն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ պըն Սայիտ Շամիսին` ընկերակցութեամբ Սալեմ Քաապիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ ընկերային առումով լիբանանեան փոթորիկ մը կ՛ակնկալուի` Լիբանանի վրայ սուրիացի գաղթականներուն ունենալիք հետեւանքներուն դէմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Ռիատի կողմէ անոնց տրամադրուած օժանդակութիւնները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարի նշանակումը կառավարութեան իրաւունքներուն մաս կը կազմէ եւ ոչ թէ հանրապետութեան նախագահին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կատարած հաղորդակցութիւնները տիւրզի համայնքին պաշտպանութեան նպատակով նոր էջ մը բացած են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուած երկխօսութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին Հըզպալլա առաջարկած է, որ լիբանանեան բանակը ուղղուի Արսալ, որպէսզի Դիմադրութեան մարտիկները հեռանան այդ շրջանէն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, բանակին դէմ ռամատանի առաջին օրերուն ընթացքին գործուելիք յարձակումին կամ Քալամունի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլիի Թրիփոլի փոխադրութեան մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն գոյութիւն ունի:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը կը սպասէ քաթարցի միջնորդին հասնելուն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ բանակի հրամանատար չնշանակելը համազօր է բարձրաստիճան զինուորականները դիրքերէ զրկելու:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ անհրաժեշտ նկատեց օժանդակել երկրին երկրագործական արտադրութեան արտածումին` փրկելու համար այդ արտադրութիւնն ու երկրին շուկաները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն կոչ ուղղեց յարգելու երկրին սահմանադրութիւնը եւ ուղղուելու դէպի բանակի հրամանատարի նշանակում:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա նշեց, որ կառավարութեան աշխատանքին վերսկսումը ուղղակիօրէն կախեալ է պատասխանատուներուն միջեւ հանդիպումներէն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ եթէ կարելի չըլլայ բանակի հրամանատարին նշանակումը, ապա ինքնաբերաբար պէտք է ուղղուիլ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու ընտրանքին:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ Հըզպալլայի կողմէ գործուղուած է վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտ` անոր փոխանցելու համար, թէ Հըզպալլա կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին նշանակումը բաղձալի չէ` առանց հանրապետութեան նախագահէն ստանալիք ողջոյնին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցուցած են` հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական զարգացումներուն վերջ տալու նպատակով:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ անցեալ շաբթուան ընթացքին այցելեց Իսրայէլ` քննարկելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քուլիսներու ետին կ՛արձանագրուի լուրջ մրցակցութիւն` բանակի գաղտնի սպասարկութեան նոր նախագահի ինքնութեան շուրջ, նկատի ունենալով, որ Էտմոն Ֆատել սեպտեմբերին հանգստեան պիտի կոչուի: Այդ պաշտօնին թեկնածու են գնդապետ-զօրավարներ Քամիլ Տահեր, Ռիշար Հըլու, Ֆատի Տաուտ եւ Ուատիհ Ղաֆարի: