Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Միշել Սլէյման Նախագահեց Իր Նախարարական Պլոքի Նիստին

June 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի մէջ նախագահեց իր նախարարական պլոքի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի:

Հանդիպումին ընթացքին Սլէյման հարց տուաւ կառավարութեան աշխատանքներուն խոչընդոտումը շարունակելու «արդիւնքներուն» մասին` նշելով, որ  նախագահական աթոռը կը մնայ թափուր: «Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը դաւադրութիւններ եւ երկրին սահմանադրութեան հետ հակասութեան մէջ գտնուող առաջարկներ չի կրնար հանդուրժել», շեշտեց Սլէյման` աւելցնելով, որ պէտք է իշխանութեան մէջ տիրող սառած իրավիճակին վերջ տալ եւ անմիջապէս ուղղուիլ խորհրդարան` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը:

Հանդիպումէն ետք Մուքպել ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական ոչ մէկ կողմ իր ճնշումները կրնայ բանեցնել կամ իր կամքը պարտադրել այլ ուժերու վրայ:

Ան յայտնեց, որ Սլէյմանի հետ քննարկած են երկիրը յուզող քաղաքական եւ ոչ քաղաքական հարցեր:

Կառավարութեան աշխատանքին վերաշխուժացման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մուքպել հաստատեց, որ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելու խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ:

Սլէյմանի այցելեց նաեւ պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Հանրի Հըլուի:

Հանդիպումին ընթացքին Սլէյման զգուշացուց սահմանադրական սկզբունքներուն դէմ քաղաքական յեղաշրջումներէն, ինչպէս է պարագան պայմանական նշանակումներուն, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան ու կառավարական աշխատանքներուն արգելակումին:

Միւս կողմէ, Սլէյման լիբանանցիները եւ արաբ ազգը շնորհաւորեց ռամատանի առիթով` մաղթելով, որ այդ տօնը ըլլայ բարիք, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերող տօն մը:

 

 

 

Նախորդը

Պասիլ Ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Մէկ Պատուիրակութիւնը Եւ Զասիփքինը

Յաջորդը

Կրթութեան Նախարարը Այցելեց Պետական Քննութիւնները Սրբագրող Ուսուցիչներուն

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.