Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Բաւարարած Է «Սարգսեան Ընդդէմ Ազրպէյճանի» Եւ «Չիրագով Եւ Միւսները Ընդդէմ Հայաստանի» Բողոքները

June 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-17-15_ECHR«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը 16 յունիսին «Սարգսեան ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով որոշում տուած է` արձանագրելով, որ Ազրպէյճան խախտած է մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտի շարք մը կէտեր:

Որոշումին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, որ Ազրպէյճան խախտած է ուխտի առաջին (սեփականութեան պաշտպանութիւն), 8-րդ (անձնական եւ ընտանեկան կեանքի նկատմամբ յարգանքի իրաւունք) եւ 13-րդ (արդիւնաւէտ հատուցման իրաւունք) յօդուածները:

Դատարանին որոշումով` Ազրպէյճան Սարգսեանի իրաւունքները ապահովելու պարտաւորութեան տակ եղած է, ինչ որ, սակայն, չէ կատարած: «Այն փաստը, որ խաղաղ բանակցութիւնները կը շարունակուին, կառավարութիւնը չ՛ազատեր այլ քայլեր կատարելու պատասխանատուութենէն», կը նշուի դատարանի որոշումին մէջ: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռը կը սահմանէ, որ Սարգսեանի իրաւունքները պէտք է վերականգնին եւ անոր պէտք է հատուցում վճարուի:

Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Մինաս Սարգսեանի հայցով եւրոպական դատարանի առաջին լսումը տեղի ունեցած է սեպտեմբեր 2010-ին: Սարգսեան 11 օգոստոս 2006-ին դիմում ներկայացուցած է իր տան քանդման եւ սեփական բնակավայրէն բռնի արտաքսուելու, իր սեփականութիւնը տնօրինելու եւ օգտագործելու իրաւունքի ոտնահարման, անձնական եւ ընտանեկան կեանքի իրաւունքի ոտնահարման, Ազրպէյճանի մէջ շարք մը հայկական գերեզմանատուներու վերացման, բռնի ուժով հայերը սեփական բնակավայրերէն արտաքսելու, ազգային եւ կրօնական պատկանելիութեան պատճառով խտրականութիւններու, ինչպէս նաեւ հայերու նկատմամբ կիրարկուած բռնութեան փաստերու նկատմամբ կառավարութեան անգործութեան դէմ: Ազրպէյճան այդ դիմումի լսումներուն ընթացքին հանդէս եկած է իբրեւ պատասխանող, Հայաստանը` իբրեւ 3-րդ կողմ:

Դատարանը 16 յունիսին նաեւ վերջնական որոշում տուած է «Չիրագով եւ միւսները ընդդէմ Հայաստանի» գործով` բաւարարելով ազրպէյճանական կողմի բողոքը: Մեղադրող կողմի ներկայացուցիչները Ազրպէյճանի 7 քաղաքացիներ են, որոնք բոլորն ալ ներկայացած են իբրեւ քիւրտեր, իրենց գանգատին մէջ պնդած են, որ մինչեւ տագնապը իրենք բնակած են Լաչինի մէջ, ուր ունեցած են գոյք` բնակարան, ինքնաշարժ եւ այլն: Պատերազմի իբրեւ հետեւանք անոնք ստիպուած եղած են լքելու իրենց գոյքերը, եւ այժմ չկայ մօտակայ ժամանակաշրջանի մէջ իրենց կողմէ իրենց գոյքը տնօրինելու կարելիութիւն ստանալու հեռանկար:

Չիրագովները դատարանէն կը պահանջեն իրենց կորսնցուցած սեփականութեան համար Հայաստանէն գանձել վնասներու հատուցում` 7,9 միլիոն եւրոյի չափով: Սարգսեանները Ազրպէյճանէն կը պահանջեն շուրջ 570 հազար եւրոյի չափով հատուցում: Այս հարցին վերաբերեալ վճիռի արձակումը դատարանը յետաձգած է 12 ամիսով` կողմերուն կարելիութիւն տալով բանակցութեան ճամբով սահմանել երկուստեք ընդունելի հատուցման չափը:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսարանը Իշխանութիւններէն Պահանջած Է Պատժել Խաղաղ Ցոյց Կատարող Հայերը

Յաջորդը

Լորտերու Տունը Քննարկած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի  Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

September 23, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը  Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»
Լիբանանեան

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

September 23, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն,  Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական  Հեռացման Յանգեցնեն»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն, Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական Հեռացման Յանգեցնեն»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.