Շրջանային Քաղաքական Ու Տեղական Հրատապ Հարցերու Լոյսին Տակ. Դիւանագիտական Եռուզեռ Զանազան Շրջանակներու Մօտ
Շրջանային քաղաքական փոփոխուող իրադրութեան եւ տեղական հրատապ հարցերու լոյսին տակ երէկ ակներեւ եռուզեռ արձանագրուեցաւ երկրին զանազան կողմերուն մօտ: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր, օրինակ` Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի այցելութիւնը Ռապիէ, ուր գլուխ գլխի խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ դեսպանին եւ զօրավար Միշել Աունի միջեւ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրի ընդհանուր իրավիճակին վրայ` վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Մեկնումի պահուն ռուս դեսպանը ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարեց:...















