
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալի Ֆայեատ երէկ անհրաժեշտ գտաւ, որ պատկան կողմեր լծուին հարցերու լուծման, «որովհետեւ ընդհանուր իրավիճակը երկիրը դրած է մեծ հարցադրումներու առջեւ»: Ան նշեց, որ աղբակոյտերու հարցը հետեւա՛նք է փտածութեան, կառավարումի թերացման եւ պայմանագրութիւններու գծով պայքարի: Ան անհրաժեշտ նկատեց 7 օգոստոսի ժամկէտին զուգադիպող նշանակումներու կատարումը, «որովհետեւ ոչինչ կ՛արգելակէ նման քայլ մը»:


