Անցնող 24 ժամերուն ժողովրդային բողոքի զանազան ցոյցեր արձանագրուեցան` ելեկտրականութեան երկարատեւ ու յարաճուն ընդհատման դէմ:
Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը մէկէ աւելի հաղորդագրութիւններ հրապարակեց` բացատրելով հոսանքի ընդհատման տուն տուող պատճառները: Այսուհանդերձ ընդվզումի եւ բողոքի շարժումները շարունակուեցան:
Շիահի մէջ խումբ մը երիտասարդներ որոշ ատենով փակեցին Պէյրութի հարաւային արուարձանները` Մար Մխայէլ եկեղեցի տանող ճամբան, բողոքելով ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատման դէմ:
Ժունիէի քաղաքապետութեան կալուածային գրասենեակները փակուեցան եւ պաշտօնեաները ընդհատեցին աշխատանքը, երբ ջերմաստիճանի բարձրացման պատճառով ելեկտրական հոսանքը ընդհատուեցաւ եւ գրասենեակներու համակարգիչները դադրեցան գործելէ:
Հպուշ-Նապաթիէ մայրուղին եւս փակուեցաւ որոշ ատենով երէկ յետմիջօրէին` նոյն պատճառով: