Ջուրի եւ ելեկտրականութեան հոսանքի յարաճուն ընդհատման դէմ բողոքի ցոյցով մը, երէկ գիշեր խումբ մը երիտասարդներ աղբակոյտերու տակառներով փակեցին Սայտայի ծովային ուղին: Ճամբան աւելի ուշ վերաբացուեցաւ:
Միւս կողմէ, Հասպայայի պետական հիւանդանոցի պաշտօնեաները երրորդ օրն ըլլալով կը շարունակեն իրենց խորհրդանշական բողոքի ելոյթը` պահանջելով ամսաթոշակի հատուցում: