Լիբանան կատարած իր երկօրեայ այցելութեան առիթով Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Պինոթելի երէկ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ երկրի վարիչներուն հետ: Այս ծիրին մէջ ան այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի: Անոր կ՛ընկերանային Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթի եւ սպայակոյտի պետ զօր. Քլաուտիօ Կրացիանօ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի եւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակն ու հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերը:
Այս առիթով ան այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու իտալական ջոկատին: Ան իր հրճուանքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ իր հանդիպումներուն համար, յատկապէս վերահաստատելով լիբանանեան բանակին զօրակցութեան եւ օժանդակութեան գծով իր երկրին պատրաստակամութիւնը: Իտալացի նախարարը նաեւ յայտնեց, թէ զինավարժութեան յատուկ կեդրոն պիտի բացուի Լիբանանի մէջ: