Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Ապու Ֆաուր Ահազանգ Կը Հնչեցնէ. Աղբակոյտերու Հարցը Կարմիր Գիծ Կը Թեւակոխէ

August 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

03-08-15-ABOUfa3ourrr

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ բժիշկներու եւ պատկան մարմիններու հետ տեսակցելէ ետք մամլոյ ասուլիս մը տալով ահազանգ հնչեցուց, թէ աղբակոյտերու հարցին անմիջական լուծման ձգտող քայլերը իրենց կարգին անմիջական դասաւորումի կը կարօտին` նկատի ունենալով այս հարցին օրըստօրէ ծաւալող երեւոյթը: Ան յատկապէս այցելեց օդակայանին մերձակայքը կուտակուող եւ թաղուող աղբակոյտերու շրջանն ու Քարանթինայի աղբանոցը` «Պագալեան» ալրաղացին կից:

«4500 քառ. մեթրի սահմաններուն մէջ 9000 թոն աղբակոյտ ամբարելը չափազանցութիւն է», դիտել տուաւ Ապու Ֆաուր: Ան զգուշացուց նշեալ շրջաններուն մէջ աղբակոյտերու դեռ եւս ամբարումէն, «որովհետեւ անոնք կրնան ժխտական ու վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ շրջանի բնակչութեան առողջութեան եւ օդանաւորդութեան երթեւեկի անվտանգութեան գծով` տրուած ըլլալով, որ աղբերէն «հրապուրուած» թռչուններ կրնան «կայք հաստատել» օդանաւերու շարժակներուն մէջ:

Միւս կողմէ, նախարար Ապու Ֆաուր հանգստացուց, թէ քոլերայի հիւանդութեան վտանգ չկայ առայժմ: «Կացութիւնը կարմիր գիծ թեւակոխած է», ընդգծեց Ապու Ֆաուր:

Այսուհանդերձ ան թախանձագին խնդրեց ու թելադրեց կարգ մը քայլեր, ինչպէս.

Խիստ հոգ տանիլ անձնական եւ ընտանեկան մաքրութեան տուներուն մէջ:

Ճաշերը ուտել ու ճաշակել անոնց պատրաստութենէն անմիջապէս ետք, երբ թարմ են: Իսկ զանոնք պահելու պարագային խիստ լաւ կերպով ծածկել:

Խուսափիլ աղբակոյտերու հրկիզումէն եւ անոնց վրայ միջատասպան դեղեր սրսկելէ:

 

Նախորդը

Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարութիւնը Զգուշացուց Աղբակոյտերու Պատահական Ամբարումէն

Յաջորդը

Թղթածրարին Փակման Պահանջներուն Լոյսին Տակ. Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցը Ճիւղաւորումի Սեմի՞ն

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.