Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով 7 Օգոստոսի Եւ 20 Սեպտեմբերի Ժամկէտներուն`. Իրադրութիւնը Հետզհետէ Կը Սրի, Մինչ Լուծման Ճիգերը Կը Շարունակուին

Օգոստոս 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տիրող քաղաքական, ապահովական, ընկերային տնտեսական թէ կենսոլորտային հարցերու հետեւանքներու հարթումի ճիգերը շաբաթավերջին առանցքը կազմեցին երկրի պետական թէ այլ ղեկավարներու ճիգերուն եւ կեցուածքներուն:

Արդարեւ, գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ կան հարցեր եւ տարակարծութիւններ, որոնք կրնան երկիրը իրարանցումի մատնել ու անմիջականօրէն լուծելի հրատապ հարցի վերածուիլ` ըստ պատկան կողմերու կեցուածքներուն եւ մտադրութեանց:

Ալեն Աուն
Ալեն Աուն

Քաղաքական առումով հայեացքները սեւեռած են յառաջիկայ չորեքշաբթի, 5 օգոստոսին, երբ վարչապետ Թամմամ Սալամ նախարարները հրաւիրեց կառավարութեան նիստի գումարման եւ սեղանի վրայ լուծելու հարցերը: Հարցեր, որոնք կուտակուած են տարիներէ ի վեր, ինչպէս` Թաէֆի համաձայնագիրէն «ծնած» նախագահի եւ առհասարակ` քրիստոնեաներու իրաւունքներու վերահաստատման ճիգերը: Այս գծով ուշագրաւ է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աունի յայտարարութիւնը, թէ` ամէն անգամ որ շարժումի կը ձեռնարկենք, քայլ մը դէպի առաջ կ՛արձանագրենք այդ իրաւունքներու վերահաստատման գծով: Այդ իրաւունքներուն ծիրին մէջ են, օրինակ` կառավարութեան գործելաձեւի «սրբագրում»-ի պահանջը կարգ մը նախարարներու կողմէ: Նմանապէս` բարձրաստիճան զինուորականներու պաշտօնավարութեան երկարաձգման կամ նորերու նշանակման գծով քաղաքական բանավէճը: Այս իմաստով, յառաջիկայ 7 օգոստոսը կարեւոր ժամկէտ կը նկատուի, երբ սպայակոյտի պետի (հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալման) պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը կ՛աւարտի ու պէտք է զայն «երկարաձգել» կամ զինք փոխարինել «նոր» մը նշանակելով: Հոսկէ` յառաջիկայ 48 ժամերուն կարեւորութիւնը, թէ ի՞նչ լուծման պիտի յանգի չորեքշաբթի օրուան նախարարաց խորհուրդի նիստը: Այս գծով խումբ մը նախարարներ կը միտին երկարաձգել սպայակոյտի պետին պաշտօնավարութիւնը` այն հիմնաւորումով, թէ նման նշանակում նախագահին կը վերապահուի, որուն «աթոռ»-ը ցարդ թափուր է: Իսկ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել վճռած է, ըստ սէուտական «Օքազ» թերթին, հինգշաբթի, 7 օգոստոսի ժամկէտի նախօրեակին «լուծել» այս հարցը` երկարաձգելով սպայակոյտի պետին պաշտօնավարութիւնը: Քայլ մը, որ կրնայ վերստին «փողոց» մղել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամներն ու համակիրները, ըստ իրազեկ աղբիւրներու: Նման հաւանականութիւն մը իր կարգին կրնայ խանգարել կառավարութեան նիստերու կայացումը եւ անոր «շնորհել» երկար արձակուրդ մը, գէթ մինչեւ յաջորդ ժամկէտը, 20 սեպտեմբեր, բանակի հրամանատարի (զօր. Ժան Քահուաճի) պաշտօնավարութեան աւարտը, ինչպէս կը նախատեսէ «Էմ. Թի. Վի.» կայանը:

Կենսոլորտային թղթածրարին գծով եւս 37-էն 40 աստիճանի ջերմաստիճանը եկաւ «աղ-պղպեղ» ցանելու առանց այդ ալ լիբանանցիներու զզուեցնող աղբակոյտերու գռեհիկ հոտերուն վրայ:

Արդարեւ, ջերմաստիճանի բարձրացումը վերստին կառավարութեան օրակարգի հրատապ հարցերուն կը «մղէ» աղբակոյտերու հարցը, որուն գծով հաւաքման ու բնակելի վայրերէն հեռացման քայլերը կը շարունակուին: Սակայն մարդիկ տակաւին դժգոհ են` տրուած ըլլալով, որ աղբակոյտերը այլ տեղեր ամբարելով նորանոր հարցեր կը ստեղծեն: Այս գծով կը նախատեսուի, որ համաձայնութիւն գոյանայ եւ աղբակոյտերը արտահանուին դէպի Եւրոպա եւ յատկապէս Գերմանիա, որուն գծով վարչապետ Սալամ գլուխ գլխի խորհրդակցութիւն ունեցաւ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմի հետ: Մինչ այդ, հոս ալ առարկութիւններ կը ծագին եւ արտաքին խոչընդոտներ կ՛արգելակեն աղբակոյտերու արտահանումը, եւ կամ` արտահանումի ընտրանքը շատ ծախսալից է եւ կարգ մը երկիրներ պայման կը դնեն աղբերու վերամշակուած ու դասաւորուած ձեւով յանձնումը իրենց: Ըստ «Տիար»-ի, այս հարցը եւս հրատապ է եւ իր անմիջական լուծման կը սպասէ չորեքշաբթի օրուան նախարարաց խորհուրդի նիստին:

Տնտեսական ծիրին մէջ եւս կ՛իմացուի, թէ վարչապետ Սալամ չորեքշաբթի օրուան նիստին իբրեւ հրատապ հարց պիտի արծարծէ պետական մարզի պաշտօնեաներու ամսաթոշակներու հայթայթման աղբիւրի հարցը:

Ապահովական իրավիճակը իր կարգին, վերջին դէպքերուն լոյսին տակ խիստ հաւանական է, որ արծարծուի կառավարութեան չորեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին: Քաղաքացիք հետզհետէ մտավախութիւններ կ՛արտայայտեն, թէ պատերազմի օրերուն իսկ այսքան ահաւոր չէր կացութիւնը: Փաստօրէն, սին պատճառներով` երթեւեկի առաջնահերթութեան, կալուածային, ընտանեկան անհամերաշխութեան եւ այլն, ամէնօրեայ սովորական վէճերը այս օրերուն ամէնէն արագ, բայց ահաւոր ոճով` սպանութեամբ կը լուծուին:

Այսուհանդերձ ճիգերը կը շարունակուին զանազան մակարդակներու վրայ, եւ կը նախատեսուի, որ «խաղաղարար» միջնորդ քայլերը շարունակուին նոյնիսկ երկրի երկու «գլուխ»-ներու երկրէն բացակայութեան պայմաններուն, երբ վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Եգիպտոս պիտի մեկնին յառաջիկայ օրերուն:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ նաեւ իրենց յոյսերը կը կապեն արտաքին կեցուածքներու, ուր իրանցի բարձրաստիճան աղբիւրի մը համաձայն, Լիբանան բոլոր մարզերուն մէջ մեծապէս պիտի օգտուի Միացեալ Նահանգներու հետ Իրանի հիւլէական թղթածրարի համաձայնութենէն:

Նմանապէս` ամերիկեան բարձրաստիճան աղբիւր մը հաւաստիացուցած է, թէ լիբանանեան բանակին խոստացուած զէնքերն ու անոնց ֆինանսաւորումի խոստումները պիտի գործադրուին:

Իսկ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին յառաջիկայ աշնան Մոսկուա այցելելու հրաւէրը յոյսի նոր նշոյլ մը կը նկատուի` նաեւ Լիբանանի կացութեան արծարծումն ու պատշաճ լուծումներ որդեգրելու գծով:

Նախորդը

Ջերմաստիճանի Բարձրացումը Հրդեհներ Պատճառեց Զանազան Շրջաններու Մէջ

Յաջորդը

Միլզ. «Կ՛ամրապնդենք Մեր Կապերը Հայաստանի Օրէնսդիր Կառոյցի Հետ»

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?