Լիբանանեան

Լուծումներու Տեղքայլի Լոյսին Տակ.  Լիբանան Կը Շարունակէ Դիմակալել Քաղաքական, Տնտեսական Ու Կենսոլորտային Հարցերը

Լուծումներու Տեղքայլի Լոյսին Տակ. Լիբանան Կը Շարունակէ Դիմակալել Քաղաքական, Տնտեսական Ու Կենսոլորտային Հարցերը

Հակառակ քաղաքական թէ կուսակցական մակարդակի վրայ կատարուող լուծման քուլիսային խորհրդակցութիւններուն եւ նախաձեռնութեանց, Լիբանան կը շարունակէ «տապլտկիլ» քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ մարտահրաւէրներու բեռան տակ: Քաղաքական առումով ցարդ պատկան կողմեր չեն կրցած միջին եզրի մը յանգիլ հրատապ գլխաւոր հարցերուն` նախագահի ընտրութեան թէ բարձրաստիճան զինուորականներու նշանակման հարցերուն գծով: Նախարարական իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, վարչապետ Սալամ «խմբագրած» ու իր գրպանին մէջ կը պահէ հրաժարականը`...

Նախագահի «Բացակայութեան»  Երկրորդ Տարին Ըլլալով`  Բանակի Հիմնադրութեան 70-Ամեակը Նշուեցաւ Խորհրդանշական Արարողութիւններով

Նախագահի «Բացակայութեան» Երկրորդ Տարին Ըլլալով` Բանակի Հիմնադրութեան 70-Ամեակը Նշուեցաւ Խորհրդանշական Արարողութիւններով

Երկրորդ տարին ըլլալով նախագահի «Բացակայութեան» բերումով, բանակի տօնը նշուեցաւ խորհրդանշական արարողութիւններով: Այս առիթով զինուորական ներկայացուցիչներ այցելեցին լիբանանեան զանազան շրջաններ եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին նահատակ զինուորի յուշակոթողին առջեւ: Քահուաժի. «Առեւանգեալ Զինուորականներու Ազատ Արձակումը Մեր Ճիտին Պարտքն Է» Բանակի օրուան առիթով, որ այս տարի կը զուգադիպի անոր հիմնադրութեան 70-ամեակին, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ողջունեց զինուորները` վեր առնելով անոնց ցուցաբերած պատրաստակամութիւնն ու խիզախ...

Զօրավար Քահուաժի Այցելեց Սպաննուած  Գնդապետ Ռապիհ Քահիլի Ընտանիքին

Զօրավար Քահուաժի Այցելեց Սպաննուած Գնդապետ Ռապիհ Քահիլի Ընտանիքին

Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց սպաննուած գնդապետ Ռապիհ Քահիլի ընտանիքին` իր ցաւակցութիւնները յայտնելու համար զինուորականի ընտանեկան պարագաներուն: Ան այս առիթով բարձր գնահատեց Քահիլի բարոյական եւ զինուորական արժանիքները` ընդգծելով, որ բանակը վճռած է հետապնդել անոր հարցը, մինչեւ յանցագործի ձերբակալումը: Նոյն ծիրին մէջ, բանակային ուժեր երէկ խուզարկեցին յանցագործ Հիշամ Տաուի բնակարանը, ուր յայտնաբերեցին զանազան տիպի զէնքեր: Միւս կողմէ, «Էմ. Թի....

Թարեք Մալլահ Եւ Իր Ընկերակիցը Ազատ Արձակուեցան

Աղբակոյտերու հարցին գծով բռնկած քաղաքացիական բողոքի շարժումի գլխաւոր «հերոսներէն» Թարեք Մալլահ եւ անոր ընկերակիցը` Ֆիրաս Պուզէյնէտտին երէկ ազատ արձակուեցան, երբ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի վարորդը յետս կոչեց անոնց դէմ յարուցած իր դատական հայցը: Այս առիթով Մալլահ, ՊուզէյնԷտտին եւ անոնց պաշտպան փաստաբան Նիզար Սաղիէ մամուլին կատարած իրենց յայտարարութիւններով անդրադարձան արգելափակման տեւողութեան իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած «բիրտ վերաբերմունքին»:  

Աղբակոյտերէն Ձերբազատուելու Սայտայի  Փորձառութեան Ծանօթանալու Համար`  ՀՅԴ-ի Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Միացեալ Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սայտա

Աղբակոյտերէն Ձերբազատուելու Սայտայի Փորձառութեան Ծանօթանալու Համար` ՀՅԴ-ի Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Միացեալ Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սայտա

Երեսփոխան Հարիրիի հետ հանդիպումէն պահ մը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութենէն միացեալ պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Սայտա` մօտէն ծանօթանալու համար աղբակոյտերէն ձերբազատուելու Սայտայի քաղաքապետութեան յաջող փորձառութեան: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Կարօ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան...

Չբաւարարուելով Հրատապ Հարցերու Լուծման Կառավարութեան Ամուլ Քայլերէն.  Լիբանանցիք Շարունակեցին Բողոքել Եւ Փակել Ճամբաները

Չբաւարարուելով Հրատապ Հարցերու Լուծման Կառավարութեան Ամուլ Քայլերէն. Լիբանանցիք Շարունակեցին Բողոքել Եւ Փակել Ճամբաները

Լիբանանցիք երէկ շարունակեցին իրենց ընդվզումի ցոյցերը` բողոքելով երկրի հրատապ հարցերուն լուծման գծով կառավարութեան անկարութեան դէմ: Հարցերուն վերջինը աղբակոյտերու թնճուկն է, որ աւելի քան 12 օրերէ ի վեր վնաս կը պատճառէ Լիբանանի կենսոլորտին: Արդարեւ, հակառակ ակնկալուող յոյսերուն, նախարարաց խորհուրդը երէկ առաւօտ գումարեց երեքշաբթիէն յետաձգուած իր նիստը, որ սակայն չկրցաւ գոհացնել լիբանանցիները` հրատապ հարցերուն արմատական լուծում գտնելու գծով: Արդարեւ, ժողովի աւարտին, տեղեկատուութեան...

Բանակի Հիմնադրութեան 70-Ամեակին Առիթով.  Զօրակցական Ու Շնորհաւորական Այցելութիւններ

Բանակի Հիմնադրութեան 70-Ամեակին Առիթով. Զօրակցական Ու Շնորհաւորական Այցելութիւններ

Բանակի հիմնադրութեան 70-ամեակին նախօրեակին, երէկ զինուորական անձնաւորութիւններ եւ պատուիրակութիւններ անջատ այցելութիւններ տուին երկրի ղեկավար անձնաւորութիւններու: Այս ծիրին մէջ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի այցելեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին, անոր ամառնային նստավայրին` Տիմանի մէջ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց բանակի առաքելութիւնը` երկրի անդորրութեան եւ խաղաղութեան հաստատման մէջ: Այս առիթով Ռայի պատրիարքը միաժամանակ շնորհաւորեց բանակի տօնը եւ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց գնդ. Քահիլի սպանութեան գծով:...

Սուգի Եւ Դատապարտումի  Մթնոլորտին Մէջ.  Գնդապետ Ռապիհ Քահիլի Մարմինը  Հողին Յանձնուեցաւ

Սուգի Եւ Դատապարտումի Մթնոլորտին Մէջ. Գնդապետ Ռապիհ Քահիլի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

Դատապարտումի եւ սուգի մթնոլորտին մէջ, երէկ գնդապետ Ռապիհ Քահիլի մարմինը հողին յանձնուեցաւ` սգակիրներու եւ հարազատներու արդարութիւն պահանջող կոչերուն ներքեւ: Այս առիթով բանակի եւ այլ պաշտօնական մարմիններու ներկայացուցիչներ իրենց դամբանական խօսքերով վեր առին սպաննուած գնդապետին արժանիքները` ընդգծելով անոր յանցագործներուն դէմ պատժական տնօրինումի հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Յետմահու շքանշանով պարգեւատրուած գնդապետին եղբայրը յիսուն հազար տոլարի վարձատրութիւն խոստացաւ անոր, որ ցոյց կու տայ կամ կը...

Նախընթաց Մը Արձանագրելով. Ներքին Գործոց Նախարարը Պաշտօնանկ Ըրաւ Հրշէջներու Ջոկատէն Երեք Սպայ

Նուհատ Մաշնուք Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք աննախընթաց քայլով մը երէկ գրաւոր յանդիմանութիւն ուղղեց Պէյրութի քաղաքապետութեան եւ պաշտօնանկ ըրաւ հրշէջներու ջոկատէն երեք սպայ` անոնց թերացման պատճառով: Նշենք, որ մօտիկ անցեալին հրշէջներու ջոկատի երկու անդամներ զոհ գացած էին Մար Էլիաս - Պարպիր շրջանին մէջ ծագած հրդեհի մը: Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատ հակադարձեց քննադատելով Մաշնուքի որոշումը եւ զայն հակաօրինական նկատելով: Համատ կանոնագրային...

Ապպաս Իպրահիմ Հերքեց Այն Լուրերը,  Թէ Փալմիրի Բանտարկեալները  ՏԱՀԵՇ-ի Մօտ Կը Գտնուին

Առեւանգեալ Զինուորականներուն Հարցով. «Գնդակը» Բանագնացներու Կողմն Է

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ յայտարարեց, որ առեւանգեալ զինուորականներու հարցով կը շարունակէ իր քուլիսային խորհրդակցութիւնները: Այս ծիրին մէջ ան հանգստացուց, որ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւններուն ձեռնարկած է թուրք թէ քաթարցի բանագնացներուն հետ, որոնցմէ կը սպասէ «սպիտակ ծուխը»: «Լիբանան 24» կայանին հետ իր հարցազրոյցին մէջ Իպրահիմ այս հարցին վատթարացումն ու երկարաձգումը վերագրեց երկրին զանազան կողմերուն միջեւ տիրող քաղաքական տարակարծութեանց: Միւս...

Սպասելով Նախարարաց Խորհուրդի  Այսօրուան Նիստի Արդիւնքներուն`.  Աղբակոյտերու Վերացման Փորձերն Ու Ժողովրդային Ցոյցերը Շարունակուեցան

Սպասելով Նախարարաց Խորհուրդի Այսօրուան Նիստի Արդիւնքներուն`. Աղբակոյտերու Վերացման Փորձերն Ու Ժողովրդային Ցոյցերը Շարունակուեցան

Ժողովրդային թէ պաշտօնական շրջանակներու ուշադրութիւնը այսօր դարձեալ սեւեռած կը մնայ նախարարաց խորհուրդի նիստին արդիւնքներուն վրայ: Նիստին գծով հակասական տեղեկութիւններ փոխանցուեցան: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յիշեցուցին, թէ Սալամ տակաւին ի մտի ունի հրաժարելու ընտրանքը` կառավարութեան գործունէութեան բնականոն ընթացքը խափանելու փորձերուն պարագային, նախարարական կարգ մը աղբիւրներ շեշտեցին կառավարութեան գործունէութեան աշխատելաոճն ու հոլովոյթը վճռելու անհրաժեշտութիւնը այսօրուան նիստին ընթացքին: Իրազեկ...

«Առաջարկուեցաւ, Բայց Մերժեցինք Վերաբանալ Պուրճ Համուտի Աղբանոցը»  Ընդգծեց Նախարար Արթիւր Նազարեան

«Առաջարկուեցաւ, Բայց Մերժեցինք Վերաբանալ Պուրճ Համուտի Աղբանոցը» Ընդգծեց Նախարար Արթիւր Նազարեան

Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացման եւ նոր աղբակոյտերու դիզման հաւանականութեան գծով կարգ մը տեղեկութիւններու լոյսին տակ, շրջանի պատասխանատուներ կտրուկ կերպով մերժեցին նման հաւանականութիւն: Արդարեւ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի երկուշաբթի օր կատարած մերժողական յայտարարութենէն ետք, ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ իր կարգին մերժեց Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացման հաւանականութեան գծով որեւէ փորձ: «Առաջարկուեցաւ, բայց մերժեցինք վերաբանալ...

Չորեքշաբթի Օրուան Հերթական  Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ.  Պըրրի Շեշտեց Կառավարութեան Գոյատեւման Անհրաժեշտութիւնը

Չորեքշաբթի Օրուան Հերթական Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ. Պըրրի Շեշտեց Կառավարութեան Գոյատեւման Անհրաժեշտութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ցաւ ու զարմանք յայտնեց, որ աղբակոյտերու հարցին լուծումը ձգուած է մետասաներորդ պահուն, «երբ պէտք էր այս հարցը լուծել բաւական երկար ատեն առաջ», Պըրրի իր ընդվզումը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նոյնիսկ աղբակոյտերը համայնքայնացումի կ՛ենթարկուին: Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հերթական հանդիպումներու ծիրին մէջ, Պըրրիի այցելուներ անոր վերագրեցին կառավարութեան պահպանման ու գոյատեւման անհրաժեշտութեան շեշտադրումը, յատկապէս ներկայ հանգրուանին, երբ երկար...

Երթեւեկի Սին Բանավէճի Պատճառով.  Բանակը Կորսնցուց Նահր Պարետի Կռիւներուն Հերոսներէն Գնդապետ Ռապիհ Քհէյլը

Երթեւեկի Սին Բանավէճի Պատճառով. Բանակը Կորսնցուց Նահր Պարետի Կռիւներուն Հերոսներէն Գնդապետ Ռապիհ Քհէյլը

Բանակի տօնին նախօրեակին, երէկ առաւօտ Լիբանան կորսնցուց գնդապետ Ռապիհ Քհէյլը, որ հերոսական կռիւներ մղած էր քանի մը տարի առաջ հիւսիսային Լիբանանի Նահր Պարետ գաղթակայանի եւ ապա` Արսալի բախումներուն ընթացքին: Լիբանանեան բանակը հաղորդագրութեամբ մը գուժեց գնդ. Քհէյլի սպանութիւնը` քանի մը օր առաջ պատահած զինեալ միջադէպին պատճառով: Գնդ. Քհէյլի սպանութիւնը զայրոյթի եւ դատապարտումի բուռն ալիք բարձրացուց ժողովրդային թէ ղեկավար շրջանակներու մօտ: Արդարեւ,...

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցը  Կարելի Չէ Օգտագործել»  Ընդգծեց Պուրճ Համուտի  Փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցը Կարելի Չէ Օգտագործել» Ընդգծեց Պուրճ Համուտի Փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան

Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան երէկ իր կարգին շեշտեց Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացման ու օգտագործման անկարելիութիւնը, թուելով այս գծով տիրող թեքնիք թէ կենսոլորտային ու առողջապահական արգելքները: «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանի (Էշրեֆիէ) հարցումներուն պատասխանելով` Գրիգորեան յիշեցուց, որ Պուրճ Համուտի աղբակոյտերը արդէն իսկ բարձր բլուր կազմած են, որուն վրայ կարելի չէ նոր աղբակոյտեր դիզել: Նմանապէս ան թուեց նման քայլի մը առողջապահական եւ...

Օդանաւորդութեան  Անվտանգութեան Գծով.  Նախարար Զաայթեր  Վերստին Կը Զգուշացնէ

Օդանաւորդութեան Անվտանգութեան Գծով. Նախարար Զաայթեր Վերստին Կը Զգուշացնէ

Փոխադրութեան եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ դարձեալ զգուշացուց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մերձակայ տարածքին մէջ աղբակոյտերու ամբարման հետեւանքներէն: Յատկապէս ակնարկելով, թէ նշեալ աղբանոցը կը գտնուի Հըզպալլայի հակակշիռին տակ, նախարար Զաայթեր զգուշացուց, թէ անիկա կրնայ յարմար զբօսավայր ըլլալ թռչուններու համար, ինչ որ խիստ վտանգաւոր է օդանաւորդութեան անվտանգութեան համար: «Կրնամ Զաայթեր թէ այլ ընտանիքներէն ցուցարարներ փողոց իջեցնել ու բողոքել, սակայն ես...

Երկու Հրթիռներ Ինկան Պաղեստինի Ազատագրութեան Ժողովրդային Ճակատի Կեդրոններուն Վրայ

Երկու Հրթիռներ Ինկան Պաղեստինի Ազատագրութեան Ժողովրդային Ճակատի Կեդրոններուն Վրայ

Երէկ յետմիջօրէին զօրաւոր պայթումներ ցնցեցին կեդրոնական Պեքքայի Քուսայա շրջանը, երբ երկու հրթիռներ արձակուեցան հոն գտնուող Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի կեդրոններուն ուղղութեամբ: Նախնական տեղեկութիւնները հակասական աղբիւրներու վերագրեցին հրթիռներուն արձակման դիրքերը: Ըստ Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի աղբիւրներուն, իսրայէլեան անօդաչու օդանաւեր ռմբակոծած են իրենց դիրքերը` երկու հրթիռներ արձակելով անոնց ուղղութեամբ: Այլ աղբիւրներու համաձայն, հրթիռները արձակուած էին լիբանանեւսուրիական սահմանին մօտ Արեւելեան լեռնաշղթայէն: Պայթումներուն հետեւանքով...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ երէկ երեկոյեան առեւանգած են Խալիլ Էլիաս Ֆատտուլ անունով քաղաքացի մը` պահանջելով երկու հարիւր հազար տոլարի փրկագին, անոր ազատ արձակման համար: ԱՆՑՆՈՂ երկու շաբաթներուն ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով երէկ երկու «Իներկա» տիպի հրթիռներ ինկան Լիբանանեան համալսարանի Ֆանարի մասնաճիւղին վրայ: Ըստ համալսարանին մօտիկ աղբիւրներու, հրթիռները արձակուած են Զաայթրիէ շրջանէն:

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը Կարմիր Գիծ Է»  Կ՛ըսէ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը Կարմիր Գիծ Է» Կ՛ըսէ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կտրուկ կերպով մերժեց Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացման հաւանականութեան գաղափարը: Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի «կարմիր գիծ» նկատեց Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացումը, որ «կարելի չէ արտօնել որեւէ պարագայի տակ»: Ըստ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտ իր բաժինը կատարած է աղբանոցներու հարցով եւ «այսօր անիկա այն չէ, ինչ որ էր...

Հակառակ «Աղբակոյտերու  Մասնակիօրէն Վերացման.  Ժողովրդային Բողոքի Ելոյթները Շարունակուեցան

Հակառակ «Աղբակոյտերու Մասնակիօրէն Վերացման. Ժողովրդային Բողոքի Ելոյթները Շարունակուեցան

Հակառակ աւելի քան տասը օրերէ ի վեր երկիրը ողողող աղբակոյտերու մասնակիօրէն վերացման քայլերուն, բողոքի ելոյթները երէկ շարունակուեցան լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ` աղբակոյտերու հրկիզումով եւ ճամբաներու փակումով, ինչ որ երթեւեկի ահաւոր խճողում ստեղծեց: Արդարեւ, երէկ առաւօտեան ժամերէն իսկ ցուցարարներ, դժգոհ` նախարարաց խորհուրդի պատկան ենթայանձնախումբի որոշումներէն, փողոց իջան ու փակեցին մայրաքաղաքի թէ այլ շրջաններու ճամբաները: Ցուցարարները հաւկիթներ ու աղբով լեցուն տոպրակներ արձակեցին...

Page 919 of 985 1 … 918 919 920 … 985

Արխիւներ