Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ զգուշացուց հանրութիւնը եւ յատկապէս` նահանգապետերն ու քաղաքապետութիւնները` աղբակոյտերը հոս թէ հոն ցիրուցան ամբարելէ ոչ ծրագրուած ձեւով:
Նախարարութիւնը յատկապէս թելադրեց ընդունուած չափանիշներու համաձայն «թաղել» աղբակոյտերը` գիտական միջոցառումներով, խուսափելու եւ կանխարգիլելու համար անոնց ժխտական հետեւանքները` ստորգետնեայ ջուրերուն վրայ: