Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջերմաստիճանի Բարձրացումը Հրդեհներ Պատճառեց Զանազան Շրջաններու Մէջ

Օգոստոս 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

8-02-15_hrt-38Ջերմաստիճանի բարձրացումը շաբաթավերջին հեղձուցիչ եւ անտանելի մթնոլորտ ստեղծեց եւ պատճառ դարձաւ բազմաթիւ հրդեհներու` լիբանանեան զանազան վայրերու, յատկապէս` անտառային եւ կանաչապատ շրջաններու մէջ:

Հրշէջներ կազմ ու պատրաստ միջամտեցին եւ յաջողեցան մարել հրդեհներու մեծ մասը: Այսուհանդերձ կենսոլորտային ու երկրագործական մեծ տարողութեամբ վնաս արձանագրուեցաւ յատկապէս Պաալպեքի հարաւային մուտքին գտնուող ծառախիտ շրջանին մէջ:

Հրդեհներէն մէկը ծագեցաւ լիբանանեան համալսարանին շուրջ` Հատաթի մէջ, եւ կարելի եղաւ շուտով մարել զայն:

Այս ծիրին մէջ, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու աղբիւր մը յայտնեց, թէ կարելի եղած է «մարել» շուրջ հարիւր հրդեհներու մեծ մասը` Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ:

Նշենք, որ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Հատի Նասրալլա մայրուղիին վրայ ծագած հրդեհը պատահած էր այն շէնքին մէջ, ուր կը բնակին ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Հըզպալլայի քաղաքական գրասենեակի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ:

Կարգ մը ականատեսներու համաձայն, հրդեհներուն մէկ մասը պատահած էր դիտումնաւոր խափանարարական արարքով:

Իսկ Էհտենի մէջ պայթուցիկներու հրավառութիւնը եւս պատճառ դարձած է հրդեհի ծագման, որուն ծաւալման առաջքը կարելի եղած է առնել շուտով:

 

 

 

Նախորդը

Բանակի Օրուան 70-Ամեակին Առիթով. Շնորհաւորական Խօսքերը Շեշտեցին Բանակին Դերն Ու Առաքելութիւնը

Յաջորդը

Սպասելով 7 Օգոստոսի Եւ 20 Սեպտեմբերի Ժամկէտներուն`. Իրադրութիւնը Հետզհետէ Կը Սրի, Մինչ Լուծման Ճիգերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?