Ապրուստի Հարցերու Մէջ Տապլտկող Լիբանանցիք Կը Սպասեն Քաղաքական Դրական Քայլերու
Սամիր Մուքպել Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ վճռեց իր կեցուածքը` հրապարակելով զինուորականներու պաշտօնավարութեան մէկ տարիով երկարաձգման որոշում մը: Որոշումը, որ վերջին օրերու, եթէ ոչ շաբաթներու ուշադրութեան կիզակէտը դարձած էր, եկաւ իբրեւ «երկու չարեաց փոքրագոյն»-ը, փորձելով միջին եզր մը գտնել տիրող քաղաքական հակադիր կեցուածքներուն միջեւ: Արդարեւ, հակառակ կարգ մը շրջանակներու «ակնկալութեանց», խնդրոյ առարկայ կողմը` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը անմիջականօրէն...




















