Լիբանանցիները մտահոգող մէկէ աւելի հարցերը տակաւին տեղքայլի մէջ են` սպասելով արմատական յարմար լուծումներու: Փաստօրէն հրատապ հարց մը չլուծած արդէն կը ծագի հրատապ այլ հարց մը` հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը վրիպեցնելու եւ այլ տեղ կեդրոնացնելու փորձերով: Այս ծիրին մէջ, աղբակոյտերու եւ նշանակումներու հարցերը չլուծուած, սեղանի վրայ դրուելու կը մղուին հին, բայց վերանորոգուած այլ հարցեր` անոնց տալով հրատապ բնոյթ: Այդ հրատապ «վերանորոգուած» հարցերէն են, օրինակ` նախագահի ընտրութեան եւ առեւանգեալ զինուորականներու հարցերը, մինչ բարձրաստիճան զինուորականներու նշանակման եւ աղբակոյտերու հարցերուն գծով բոլորին հայեացքները սեւեռած են կառավարութեան վաղուան նիստին, ուր կը նախատեսուի «երկարաձգել» սպայակոյտի պետի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը, իսկ աղբակոյտերը` «արտահանել»:
Դէպքերու հոլովոյթին հետեւող իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, բարձրաստիճան զինուորականներու պաշտօնավարութեան երկարաձգումը գրեթէ հաստատ է, այնքան մը, որ նոյնիսկ եթէ անիկա չվճռուի կառավարութեան վաղուան նիստին, անիկա պիտի վճռուի երկրորդ ծրագիրով, ըստ որուն, փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել հինգշաբթի երեկոյեան պիտի յայտարարէ սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալմանի աւարտած պաշտօնավարութեան երկարաձգումը: Իսկ նշեալ քայլը իր կարգին փողոց պիտի մղէ անոր ընդդիմադիր քաղաքական կողմի համակիրները… Նոյն առնչութեամբ վարչապետ Սալամ երէկ երեկոյեան խորհրդակցութիւն ունեցաւ նախարար Մուքպելի հետ:
Միւս կողմէ, աղբակոյտերու արտահանման հաւանական լուծման լոյսին տակ, ջերմաստիճանի բարձրացումը իր պատճառած աւերներով զօրաշարժի մատնեց պատկան կողմերը շուտափոյթ լուծման գծով, մինչեւ արմատական լուծման «նախապատրաստութիւնը»: Այս գծով ուշագրաւ էր առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հնչեցուցած ահազանգը` աղբակոյտերու հարցի շուտափոյթ լուծում պահանջելով:

Նմանապէս քաղաքական կարգ մը կողմեր երէկ վերստին արծարծեցին նախագահական թափուր աթոռի հարցին լուծման հրամայականը: Արդարեւ, հակառակ այն տեղեկութեան, թէ մօտերս նախագահական ընտրութիւնը անհաւանական է, ինչպէս որ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքը կը վերագրէ հոգեւոր աղբիւրի եւ ըստ արտաքին աղբիւրներու, թէ առնուազն քանի մը ամիսով եւս առկախուած է նախագահի ընտրութեան հարցը` սպասելով Իրանի հիւլէական համաձայնագիրի վաւերացման` ամերիկեան ծերակոյտին կողմէ, այս հարցը դարձեալ օրակարգի վրայ կը դրուի: Այս գծով Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Ամմար պահանջեց ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին լուծել ու վճռել նախագահական թափուր աթոռի հարցը: Նախագահի ընտրութեան հարցը արծարծուեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ անոր այցելուներուն` նախկին փոխվարչապետ Միշել Մըրի, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, ինչպէս նաեւ նոյն գծով անհատ կեցուածքներու ընթացքին, ինչպէս` Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլի յայտարարութեան ընթացքին. Ժեմայէլ այլ հրատապ հարցերու կողքին անդրադարձաւ այս հարցին` իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Այս գծով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պատրաստ է դիմակալելու ամէն տեսակ հաւանականութիւն: Միւս կողմէ, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներուն վերագրելով իր տեղեկութիւնները, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բարձր մակարդակի քուլիսային հանդիպումներ կը կատարուին Ռապիէի եւ Այն Թինէի միջեւ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի քննադատած էր զօր. Աունը` հարց տալով, թէ «ինչպէ՞ս կ՛ուզէ նախագահ ընտրուիլ խորհրդարանի մը կողմէ, որ ապօրինի կը նկատուի», մերժելով ընդունիլ, թէ ինք հակաօրինական խորհրդարանի նախագահ է:
Նշեալ հրատապ հարցերուն կողքին, քաղաքացիները մտահոգող այլ հարց ստեղծուեցաւ, երբ ջերմաստիճանի արտակարգ բարձրացման հետեւանքով, քառասուն հազար թռչուններ սատկեցան երէկ հարաւային Լիբանանի Մաժիտիէ շրջանին մէջ: Իսկ Պաալպեքի մէջ ջերմաստիճանը հասաւ 46-ի եւ յետմիջօրէին փոխուեցաւ թեթեւ անձրեւի:
Լիբանանցիք ապրեցան անտանելի տաք ու հեղձուցիչ օր մը` սպասելով շաբաթավերջին, երբ կը նախատեսուի, որ ջերմաստիճանը բնական դառնայ:
Հրատապ հարցերու շարքը կ՛երկարի, ու տակաւին կարգի կը սպասեն ելեկտրականութեան ընդհատման գծով բողոքի ցոյցերն ու ուսուցիչներու ցոյցերու վերսկսումը 19 օգոստոսին, որու ազդանշանը տուաւ սեփական մարզի վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուզ` խոստանալով այս հարցը վճռել այսօր` երեքշաբթի օրուան նիստին:
Սակայն կառավարութիւնը, որ ըստ ոմանց, «ընթացաւարտ» ընթացքի մէջ կը գտնուի, կը շարունակէ իր ճիգերը` յանգելու համար գէթ կարելիի լուծման:
Այս ծիրին մէջ նախարարական բարձրաստիճան աղբիւր մը հաւաստեց, թէ սեպտեմբերին պետական պաշտօնեաներու ամսաթոշակին գծով կարելի եղած է ապահովել անհրաժեշտ գումարը: