Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Օրուան 70-Ամեակին Առիթով. Շնորհաւորական Խօսքերը Շեշտեցին Բանակին Դերն Ու Առաքելութիւնը

August 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1412064506_Շաբաթ, 1 օգոստոսին, բանակի օրուան առիթով, որ այս տարի կը զուգադիպի անոր հիմնադրութեան 70-ամեակին, շնորհաւորական ու զօրակցական կեցուածքներն ու ելոյթները շարունակուեցան:

Սպայից վարժարանի շրջանաւարտներու սերունդը կոչուեցաւ Պհանինի մէջ նահատակուած սպայ Նատիմ Սըմաանի անունով եւ ձեռնարկը սահմանափակուեցաւ խորհրդանշական արարողութեամբ:

Լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ զինուորական ներկայացուցիչներ շարունակեցին ծաղկեպսակ զետեղել անծանօթ զինուորի յուշարձանին առջեւ:

Այլ շրջաններու մէջ ժողովրդային ինքնաբուխ հաւաք եւ ցոյցեր կազմակերպուեցան` առ ի զօրակցութիւն բանակին, ինչպէս` Պեքաայի Քահ շրջանը, ուր համակիրներ համախմբուեցան շրջանի զօրանոցին մէջ եւ իրենց մաղթանքները փոխանցեցին:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ վերահաստատեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» երրորդութիւնը տակաւին աւելի քան անհրաժեշտ է, Լիբանանն ու իր հողը պաշտպանելու համար:

Բարգաւաճում եւ ազատագրում պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Պեզզի շնորհաւորելով բանակի օրը դիտել տուաւ, որ այս օրը կարելի է լաւագոյն ձեւով տօնել` վերակենդանացնելով օրինական հաստատութիւնները եւ ոչ թէ խափանելով անոնց գործունէութիւնը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ իր կարգին դրուատեց բանակի դերն ու առաքելութիւնը` ընդգծելով, որ «մեր բանակը քաջ ու խիզախ է, կը յատկանշուի հաւատարմութեամբ, ազնուութեամբ, զոհաբերութեամբ ու պարկեշտութեամբ»:

«Ինչ որ կը պակսի անոր` շարժելու ազատութիւնն է», շեշտեց Ռաատ:

 

 

 

Նախորդը

Շարունակելով Հիւսիսային Շրջաններու Իր Այցելութիւնը Պասիլ. «Մենք Չենք Խանգարեր Այլ Օրինազանցութիւններուն Դէմ Կը Կենանք»

Յաջորդը

Ջերմաստիճանի Բարձրացումը Հրդեհներ Պատճառեց Զանազան Շրջաններու Մէջ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.