Լիբանանեան

Երեք Լիբանանցիներուն Դիակները Փոխադրուեցան Լիբանան

Երէկ Լիբանան փոխադրուեցան լիբանանցի երեք երիտասարդներուն դիակները, որոնք գտնուած էին թրքական ծովափին վրայ: Անգարայի մէջ գտնուող լիբանանեան դեսպանատունը նախանցեալ օր տեղեակ պահած էր արտաքին գործոց նախարարութիւնը, թէ ապօրինի կերպով արտագաղթի նպատակով Թուրքիա հասնիլ փորձած լիբանանցի երիտասարդներ Հիւսէյն Հասան Ահմետ, Շանել Ժան Ֆարես եւ Մոհամետ Հիւսէյն Խաշշապ խեղդուած են թրքական ջուրերուն մէջ:

Հարիրիի Եւ Ֆրենժիէի Միջեւ  Հանդիպումին Մասին Լուրեր

Հարիրիի Եւ Ֆրենժիէի Միջեւ Հանդիպումին Մասին Լուրեր

Տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ, ինչպէս` «Ժումհուրիա» օրաթերթը, «Լեպանոն ֆայլզ» եւ «Լեպանոն տիպէյթ» կայքերը հաղորդեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ հանդիպում մը կատարուած է Հարիրիի Փարիզի տան մէջ` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժիի եւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հակառակ անոր որ Մարատայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրները չհաստատեցին եւ չհերքեցին այս լուրը, սակայն լրատուամիջոցները...

Մինչ Ապահովական Կառոյցները  Կը Շարունակեն Հետապնդել  Եւ Ձերբակալել Ահաբեկիչները.   Բանակը Բուռն Ռմբակոծումի  Կ՛ենթարկէ Արսալի Բարձունքները

Մինչ Ապահովական Կառոյցները Կը Շարունակեն Հետապնդել Եւ Ձերբակալել Ահաբեկիչները. Բանակը Բուռն Ռմբակոծումի Կ՛ենթարկէ Արսալի Բարձունքները

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր ուժերու տնօրէնութիւնը երէկ ձերբակալեց Պըրժ Պարաժնէի պայթումին մեղսակիցներէն մէկը` Տ. Ս., որ զէնք եւ պայթուցիկ նիւթեր ապահոված էր Ա. Ռ.-ի, որ իր կարգին ձերբակալուած է: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ բուռն կերպով ռմբակոծեց Արսալի եւ Պաալպեքի բարձունքները` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչները: Նշենք, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն մասնակցած լիբանանցի քաղաքացի Մուսթաֆա Ժ.-ն: Պետական...

Հակառակ Տարակարծութիւններուն`  Զոյգ Երկխօսութիւնները Եղան Դրական  Եւ Շեշտեցին Կառավարութեան  Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու  Կարեւորութիւնը

Հակառակ Տարակարծութիւններուն` Զոյգ Երկխօսութիւնները Եղան Դրական Եւ Շեշտեցին Կառավարութեան Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Լիբանանեան քաղաքական կեանքին, յատկապէս գործադիր իշխանութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու իմաստով երէկ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին արձանագրուեցան դրական կեցուածքներ: Ազգային երկխօսութիւնը հիւրընկալող Այն Թինէի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ նաեւ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը, որ իր կարգին եղաւ դրական` երկկողմանի լարուածութիւնը մեղմացնելու առումով: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազգային երկխօսութեան 13-րդ նիստին, որուն...

«Հարիրիի Նախաձեռնութիւնը Տակաւին  Ի Զօրու Է, Իսկ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ  Երկխօսութեան Շարունակութիւնը Նուաճում Է»  Շեշտեց Պըրրի

«Հարիրիի Նախաձեռնութիւնը Տակաւին Ի Զօրու Է, Իսկ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ Երկխօսութեան Շարունակութիւնը Նուաճում Է» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը նուաճում է` նկատի ունենալով ներքին լիբանանեան եւ շրջանային առումով տիրող բարդ պայմանները: Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրող նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է` աւելցնելով, որ եթէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կարգին Փոփոխութիւն...

Մուսթաքպալ Հոսանքը Եւ Հըզպալլան   Հաստատեցին Երկխօսութիւնը  Շարունակելու Իրենց Յանձնառութիւնը

Մուսթաքպալ Հոսանքը Եւ Հըզպալլան Հաստատեցին Երկխօսութիւնը Շարունակելու Իրենց Յանձնառութիւնը

Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ վերջին հանգրուանին արձանագրուած տարակարծութիւններէն եւ ցեխարձակումներէն ու լարուածութենէն ետք, երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 8:00-ին, Ային Թինէի մէջ տեղի ունեցաւ երկխօսութեան նիստ մը երկու քաղաքական ուժերուն միջեւ: Նիստին ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու...

«Գահիրէի Մէջ Պասիլի  Կեցուածքը Բացառիկ Էր»  Հաստատեց Վարչապետ Սալամ

«Գահիրէի Մէջ Պասիլի Կեցուածքը Բացառիկ Էր» Հաստատեց Վարչապետ Սալամ

Թամմամ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ յոյս յայտնեց, որ Նոր տարին ըլլայ առիթ մը, որպէսզի տարբեր մակարդակներու վրայ կարելի ըլլայ նուաճումներ իրագործել: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է շրջանցել անապահովութիւնը եւ երաշխաւորել իրենց անվտանգութիւնն ու երկրին բարգաւաճումը: Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է երկրին հարցերուն հաւանական լուծումներ ապահովելու` աւելցնելով, որ ինք կը փափաքի, որ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին...

Հասան Եաագուպի Ազատ Արձակումը  Պահանջող Բողոքի Ցոյց

Հասան Եաագուպի Ազատ Արձակումը Պահանջող Բողոքի Ցոյց

Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի համակիրները երէկ Պըրժ Պարաժնէի մէջ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակցեցան Հարաւային արուարձաններու բնակիչները: Բողոքի ցոյցին մասնակիցները կը կրէին անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի, ինչպէս նաեւ Հասան Եաագուպի լուսանկարները: Հասան Եաագուպի եղբայրը` Ալի Եաագուպ զգուշացուց բոլորը իրենց համբերութեան սահմանափակ ըլլալուն առնչութեամբ:

Հարիրի. «Պասիլի Կեցուածքը Լիբանանի  Պատմութեան Մէջ Չարիք Մը Կը Նկատուի»

Հարիրի. «Պասիլի Կեցուածքը Լիբանանի Պատմութեան Մէջ Չարիք Մը Կը Նկատուի»

Սաատ Հարիրի Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ անդրադարձաւ նախանցեալ օր Արաբական լիկայի արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին Լիբանանի որդեգրած կեցուածքին: Ան շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կեցուածքը Լիբանանի պատմութեան մէջ չարիք մը կը նկատուի, ինչպէս նաեւ Իրանը գոհացնող արտայայտութիւն մը: Հարիրի հաստատեց, որ մեծ թիւով լիբանանցիներ Պասիլի կեցուածքը չեն բաժներ, ընդհակառակն` լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը կը տառապի լիբանանեան ներքին հարցերուն...

Մաշնուք Դրուատեց  Ներքին Ապահովութեան  Ուժերուն Կողմէ Լիբանանի  Պաշտպանութեան Ճիգերը

Մաշնուք Դրուատեց Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Կողմէ Լիբանանի Պաշտպանութեան Ճիգերը

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատարութեան կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք շնորհաւորեց ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց իրագործած ապահովական նուաճումներուն համար, ինչպէս նաեւ դրուատեց այդ ուժերուն կողմէ Լիբանանի պաշտպանութեան ճիգերը: Մաշնուք բարձր գնահատեց նախանցեալ օր Պըրժ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ քաղաքապետական պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարիք չկայ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ Մատայայի շրջափակումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն նպատակն է շէյխ Նմըր Նմըրի դէմ գործուած մահապատիժը մոռցնել տալ: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ երկխօսութիւնները շարունակելու պատրաստակամութիւնը...

Ազգային Թէ Երկկողմանի Երկխօսութիւնները  Շարունակելու Առումով Լիբանան Կը Հաստատէ  Իր Միացեալ Կեցուածքը` Մերժելով   Հըզպալլան Ահաբեկչական Որակել

Ազգային Թէ Երկկողմանի Երկխօսութիւնները Շարունակելու Առումով Լիբանան Կը Հաստատէ Իր Միացեալ Կեցուածքը` Մերժելով Հըզպալլան Ահաբեկչական Որակել

Ժըպրան Պասիլ Լիբանանեան քաղաքական ուժերը այսօր կէսօրին պիտի շարունակեն ազգային երկխօսութիւնը, իսկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ պիտի շարունակուի Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութիւնը` նկատի ունենալով երկրին հարցերը միայն երկխօսութեան միջոցով լուծելու բոլորին գիտակցութիւնը: Ներքին առումով խորհրդակցութիւններ կատարելու լիբանանեան միացեալ կամքը դրսեւորուեցաւ շաբաթավերջին, եւ այս գծով պահուած էր նաեւ անակնկալ մը: Անակնկալը յայտարարուեցաւ Գահիրէէն, երբ Արաբական լիկայի արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին արտաքին...

Ներքին Գործոց Նախարարը Զօր. Աունի  Եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց  Քաղաքապետական Ընտրութիւններ  Կատարելու Հեռանկարները

Ներքին Գործոց Նախարարը Զօր. Աունի Եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Քաղաքապետական Ընտրութիւններ Կատարելու Հեռանկարները

Մաշնուք եւ զօր. Աուն Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք շաբաթավերջին այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ զօր. Աուն շեշտած է շրջանային տագնապին չմիջամտելու կարեւորութիւնը եւ ընդգծած, որ Լիբանան ատիկա պիտի չկարենայ հանդուրժել:...

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ.  «Երկխօսութեան Ու Այլ Երկիրներու Ներքին  Հարցերուն Միջամուխ Չդառնալու Քաղաքականութիւնը`  Խաղաղութեան Լաւագոյն Գրաւականն Է»  Շեշտեց Զօր. Սլէյման

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ. «Երկխօսութեան Ու Այլ Երկիրներու Ներքին Հարցերուն Միջամուխ Չդառնալու Քաղաքականութիւնը` Խաղաղութեան Լաւագոյն Գրաւականն Է» Շեշտեց Զօր. Սլէյման

Զօր. Սլէյման եւ Սալման թագաւորը Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը երէկ ընդունեց նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Զօր. Սլէյման դրուատեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով Սէուտական Արաբիոյ ճիգերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց թագաւորին` Լիբանանի սահմանադրական եւ ապահովական հաստատութիւններուն, յատկապէս լիբանանեան բանակին անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Զօր. Սլէյման ընդգծեց, որ երկխօսութեան եւ այլ երկիրներու...

Սինիորա. «Հըզպալլայի Հետ  Երկխօսութիւնը Պիտի Շարունակուի»

Սինիորա. «Հըզպալլայի Հետ Երկխօսութիւնը Պիտի Շարունակուի»

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ժողովրդային պատուիրակութիւններու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի: Ան նշեց, որ այս մասին խորհրդակցութիւններ կատարուած են նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ իրենք կ՛ուղղուին մասնակցելու երկխօսութեան այսօրուան նիստին` նկատի ունենալով, որ անիկա յարմարագոյն վայրն է քննարկելու բոլոր հարցերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի յարանուանական լարուածութեան եւ հանրապետութեան նախագահութեան:  

Բանակը Կը Շարունակէ Հետապնդել Ահաբեկիչները  Եւ Պաշտպանել Երկրին Սահմաններն  Ու Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը

Բանակը Կը Ռմբակոծէ Արսալի Բարձունքները, Իսկ Ապահովութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն Ահաբեկիչներ

Լիբանանեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչներուն որջերը: Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ յայտնեցին, որ Պըրժ Պարաժնէի մէջ պայթումը գործած ահաբեկչական խմբակի գլխաւոր անդամներէն մէկը ձերբակալած են Թրիփոլիի մէջ: Ներքին ապահովութեան ուժերուն համաձայն, ձերբակալուող յանցագործը` Խալետ Զէյնէտտին, որ ծանօթ է Ապու Թալհա կեղծանունով, ծնած է 1986-ին: Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն...

Իսլամական Հոգեւորական Գերագոյն  Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ  Կանխարգիլելու Սադրանքները

Իսլամական Հոգեւորական Գերագոյն Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Կանխարգիլելու Սադրանքները

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց Իսլամական հոգեւորական գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի ազգային կեանքը պահպանելու կարեւորութիւնը` հակառակ հանրապետութեան նախագահին չգոյութեան, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ խորհրդարանի գործունէութեան սառեցումին: Խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցի բոլոր պատասխանատուներուն վերջ տալու գժտութեան եւ ստանձնելու իրենց սահմանադրական պարտականութիւնները, որպէսզի լիբանանցին պատանդի իր վիճակէն դուրս գայ: Խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլորին...

Ռիաշի. «Ներկայ Կացութիւնը Կ՛ենթադրէ  Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածու  Առաջադրել Մարտ 8-ի Քաղաքական  Ուժերու Ներկայացուցիչները»

Ռիաշի. «Ներկայ Կացութիւնը Կ՛ենթադրէ Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածու Առաջադրել Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերու Ներկայացուցիչները»

Մըլհեմ Ռիաշի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումը սառցահալի ենթարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարը` աւելցնելով, որ ներկայ կացութիւնը կ՛ենթադրէ նախագահական ընտրութեան թեկնածու առաջադրել Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները: Ռիաշի ընդգծեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը չի փորձեր Մուսթաքպալ հոսանքը համոզել` վերջինիս նախաձեռնութիւնը յետս կոչելու առումով:...

«Նախագահական Ընտրութեան  Նախաձեռնութիւնը Տակաւին Առկայ Է»   Շեշտեց Պահիա Հարիրի

«Նախագահական Ընտրութեան Նախաձեռնութիւնը Տակաւին Առկայ Է» Շեշտեց Պահիա Հարիրի

Երեսփոխան Պահիա Հարիրի շաբաթ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի Հարիրի ընտանիքին պալատին մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է` նշելով, որ այդ նախաձեռնութիւնը խոչընդոտուած է եւ յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային կարելի կ՛ըլլայ այդ նախաձեռնութիւնը յաջողցնել: «14 փետրուար 2005-էն ի վեր Սաատ Հարիրի բազմաթիւ զոհողութիւններ մատուցած է` պահպանելու համար Լիբանանը, իսկ...

Ֆատլալլա. «Շէյխ Նմըրը Մահապատիժի  Ենթարկելը Վտանգաւոր Ոճիր Մըն Է  Եւ Արդի Պատմութեան Մէջ Նախընթաց Մը»

Ֆատլալլա. «Շէյխ Նմըրը Մահապատիժի Ենթարկելը Վտանգաւոր Ոճիր Մըն Է Եւ Արդի Պատմութեան Մէջ Նախընթաց Մը»

Հասան Ֆատլալլա Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շաբաթավերջին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ շէյխ Նմըր Նմըրը մահապատիժի ենթարկելը վտանգաւոր ոճիր մըն է եւ արդի պատմութեան մէջ նախընթաց մը, որովհետեւ անոր նպատակն է լռեցնել ու կաշկանդել խօսքի ազատութիւնը եւ իրաւացի պահանջներու արտայայտութիւնը: Ֆատլալլա շեշտեց, որ Դիմադրութեան առանցքը պիտի շարունակէ իրագործել այնպիսի նուաճումներ, որոնք փոփոխութեան...

Page 869 of 986 1 … 868 869 870 … 986

Արխիւներ