Երէկ Լիբանան փոխադրուեցան լիբանանցի երեք երիտասարդներուն դիակները, որոնք գտնուած էին թրքական ծովափին վրայ:
Անգարայի մէջ գտնուող լիբանանեան դեսպանատունը նախանցեալ օր տեղեակ պահած էր արտաքին գործոց նախարարութիւնը, թէ ապօրինի կերպով արտագաղթի նպատակով Թուրքիա հասնիլ փորձած լիբանանցի երիտասարդներ Հիւսէյն Հասան Ահմետ, Շանել Ժան Ֆարես եւ Մոհամետ Հիւսէյն Խաշշապ խեղդուած են թրքական ջուրերուն մէջ: