
Տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ, ինչպէս` «Ժումհուրիա» օրաթերթը, «Լեպանոն ֆայլզ» եւ «Լեպանոն տիպէյթ» կայքերը հաղորդեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ հանդիպում մը կատարուած է Հարիրիի Փարիզի տան մէջ` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժիի եւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի:
Հակառակ անոր որ Մարատայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրները չհաստատեցին եւ չհերքեցին այս լուրը, սակայն լրատուամիջոցները շարունակեցին այդ հանդիպումին մասին հաղորդումներ կատարել` ընդգծելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կողմերը շեշտած են Հարիրիի նախագահական նախաձեռնութեան կառչած մնալու իրենց կեցուածքը:


