Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԸՐԺ Պարաժնէի բնակիչները երէկ որոշ ժամանակի մը համար փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան` զօրակցելու համար նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի եւ պահանջելու անոր ազատ արձակումը: ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը իրականացնելու համար անհրաժեշտ է աշխուժացնել կառավարութեան գործունէութիւնը: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրենք յաջողած են սիւննի-շիի սադրանքները փարատել: Ան ընդգծեց,...

Լիբանան Այս Տարուան Իր Երկրորդ Շաբաթավերջը  Կը Փակէ Խաղաղութեամբ,  Իսկ Նոր Շաբաթասկիզբը Կը Սկսի Երկխօսութեամբ

Լիբանան Այս Տարուան Իր Երկրորդ Շաբաթավերջը Կը Փակէ Խաղաղութեամբ, Իսկ Նոր Շաբաթասկիզբը Կը Սկսի Երկխօսութեամբ

Այս տարուան ընթացքին կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնելու մտադրութիւնը երէկ դարձաւ իրականութիւն, երբ վարչապետ Թամմամ Սալամ նախարարաց խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մը, որ սկզբունքով պիտի գումարուի հինգշաբթի, 14 յունուար 2016-ին: Սկզբունքով կ՛ըսենք, նկատի ունենալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներուն կատարած յիշեցումները, թէ իրենք կառավարութեան նիստին պիտի չմասնակցին, մինչեւ որ իրենց պահանջները իրականանան: Այս մթնոլորտին մէջ, նոյն պատասխանատուները հաստատեցին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի...

Լիբանանի Մէջ.  Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Խոստանայ 5 Միլիոն Եւրոյի Մարդասիրական  Օժանդակութիւն Յատկացնել Շրջանին

Լիբանանի Մէջ. Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Խոստանայ 5 Միլիոն Եւրոյի Մարդասիրական Օժանդակութիւն Յատկացնել Շրջանին

Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Այն Թինէի Մէջ Պըրրի եւ Քուրց Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Քուրցը` ներկայութեամբ իր տեղեկատուական խորհրդատու Ալի Համտանի: Հանդիպումին...

Վարչապետ Սալամ Կառավարութիւնը  Հրաւիրեց Նիստի Մը

Վարչապետ Սալամ Կառավարութիւնը Հրաւիրեց Նիստի Մը

Զօր. Քահուաժի եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 14 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Կը նախատեսուի, որ նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին քննարկուի 140 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ Սալամ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը: Հանդիպումէն ետք զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ...

Արսալի Մէջ Լիբանանցի Ոստիկան Մը  Կը Սպաննուի, Իսկ Բանակը  Կը Շարունակէ Իր Ձերբակալութիւնները

Արսալի Մէջ Լիբանանցի Ոստիկան Մը Կը Սպաննուի, Իսկ Բանակը Կը Շարունակէ Իր Ձերբակալութիւնները

Արսալի մէջ երէկ անծանօթ զինեալներ սպաննեցին ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ոստիկան Զահեր Իզէտտինը: Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, զինեալները ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ են: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը նախանցեալ երեկոյեան Տուրեսի մէջ ձերբակալեց Հիւսէյն Ապտել Հատի Մոհամետ Թլայսը, որուն դէմ 100 ամբաստանագիր արձակուած է Զինուորական ատեանին կողմէ, Պեքաայի, Պաալպեքի եւ Լեռնալիբանանի մէջ կատարուած յանցագործութիւններու համար: Թլայս ամբաստանուած է առեւանգումի յատուկ աւազակախումբ...

Պըրրի. «Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալի  Միջեւ Երկխօսութիւնը  Իմ Կեանքիս Նուաճումներէն Է»

Պըրրի. «Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալի Միջեւ Երկխօսութիւնը Իմ Կեանքիս Նուաճումներէն Է»

Մախզումի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իր այցելուներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իր կեանքին մէջ իրագործուած նուաճումներէն կը նկատուի Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ ինք յանձնառու է անոր շարունակութեան: Պըրրի յոյս յայտնեց, որ երկուշաբթի երեկոյեան Այն Թինէի մէջ շարունակուի այդ երկխօսութիւնը, որուն պիտի նախորդէ Ազգային երկխօսութեան նիստը, որ տեղի պիտի ունենայ կէսօրուան...

«Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը  Պիտի Պահպանուի, Իսկ Հարիրիի  Նախաձեռնութիւնը Առկայ Է»  Շեշտեց Մաշնուք

«Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պիտի Պահպանուի, Իսկ Հարիրիի Նախաձեռնութիւնը Առկայ Է» Շեշտեց Մաշնուք

Մաշնուք եւ Աուտէ եպիսկոպոս Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղած է քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու ճշդուած թուականին: Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Մաշնուք շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախագահական նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ ներկայիս...

Պասիլ Հաստատեց Գահիրէի  Խորհրդաժողովին Իր Մասնակցութիւնը

Պասիլ Հաստատեց Գահիրէի Խորհրդաժողովին Իր Մասնակցութիւնը

Ժըպրան Պասիլ Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հաստատեց կիրակի օր Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կեցուածքը պիտի ըլլայ հանդարտութիւնը պահպանելու իմաստով ուղղուած կոչը, որովհետեւ իրարանցումը լիբանանցիներուն, արաբներուն եւ իսլամներուն շահերուն չի ծառայեր, այլ` ՏԱՀԵՇ-ի: Նշենք, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պասիլի հետ` ճշդելու համար խորհրդաժողովին ընթացքին...

Լիբանանի Վարչապետ Թամմամ  Սալամ Անթիլիասի Մէջ

Լիբանանի Վարչապետ Թամմամ Սալամ Անթիլիասի Մէջ

Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամ: Վարչապետը, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին եկեղեցական արարողութեան աւարտին, անձամբ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները: Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ վարչապետին եւ վեհափառ հայրապետին միջեւ խորհրդակցական հանդիպման, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները, Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները: Անձնական այս խորհրդակցութեան աւարտին ուժանիւթի...

Նախագահական Ընտրութեան  Նախաձեռնութեան Մասին Որոշ Կողմերու  Լռութիւնը  Ստեղծած Է Շփոթ Մը

Մինչ Պետութիւնը Կը Գործադրէ Անցագիրներու Նորոգութեան Նոր Ձեւը. Նախագահական Ընտրութեան Ամբողջ Հոլովոյթը Կը Զետեղուի Սառնարանին Մէջ, Իսկ Նախագահի Ընտրութեան 35-րդ Նիստը Կը Յետաձգուի 8 Փետրուարին

Այսօր Լիբանան կը հասնի նոր փոթորիկ մը, որ ցուրտի նոր ալիք մը պիտի բերէ երկրին: Ցուրտի, ձիւնի եւ տեղատարափ անձրեւի լուրերուն զուգահեռ, Այն Թինէէն հնչեց խորհրդարանի նախագահին յայտարարութիւնը, թէ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը մուտք գործած է սառնարան: Այդ արտայայտութեան վկան դարձաւ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի 34-րդ նիստը, որ Նեպիհ Պըրրիի որոշումով յետաձգուեցաւ 8 փետրուար 2016-ին` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Բայց եւ այնպէս, Բ....

Այն Թինէի Մէջ.   «Հակառակ Տիրող Ներքին Եւ Արտաքին  Պայմաններուն, Երկխօսութիւնը  Միակ Միջոցն Է, Որմէ Անշեղ Պէտք Է Մնալ»  Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

Այն Թինէի Մէջ. «Հակառակ Տիրող Ներքին Եւ Արտաքին Պայմաններուն, Երկխօսութիւնը Միակ Միջոցն Է, Որմէ Անշեղ Պէտք Է Մնալ» Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

Մաշնուք եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք ընդգծեց կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ներկայիս ընթացող սուր բանավէճին զուգահեռ: «Հակառակ տիրող ներքին եւ արտաքին պայմաններուն, երկխօսութիւնը միակ միջոցն է, որմէ անշեղ պէտք է մնալ»,...

Վարչապետ Սալամ Քաակի Հետ Քննարկեց  Սուրիոյ Նուիրատու Երկիրներուն  Խորհրդաժողովին Նախապատրաստութիւնները

Վարչապետ Սալամ Քաակի Հետ Քննարկեց Սուրիոյ Նուիրատու Երկիրներուն Խորհրդաժողովին Նախապատրաստութիւնները

Քաակ եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը հրապարակեց հանդիպումին մասին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Սիկրիտ Քաակ վարչապետ Սալամի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին անոր ներկայացուց Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս...

Ձեռագիրով Նորոգուած Անցագիրները  20 Յունուարէն Ետք Անվաւեր Են

Ձեռագիրով Նորոգուած Անցագիրները 20 Յունուարէն Ետք Անվաւեր Են

Տարին չսկսած լիբանանցիները, յատկապէս անոնք, որոնք մօտիկ ապագային պիտի ճամբորդեն եւ ձեռագիրով նորոգուած անցագիրներ կը կրեն, դէմ յանդիման կը գտնուին նոր հարցի մը: Նոյն հարցին դիմաց կը գտնուին նաեւ այն քաղաքացիները, որոնք իրենց անցագիրին վրայ կը կրեն իրենց զաւակներուն անունները: Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան տուած նոր որոշումներուն համաձայն, 20 յունուարէն ետք անվաւեր կը նկատուի այն անցագիրը, որուն 4-րդ էջին վրայ...

Սէյիտ Նասրալլա Հաշիմիի Հետ Քննարկեց  Շրջանային Իրադարձութիւնները

Սէյիտ Նասրալլա Հաշիմիի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Հաշիմի եւ սէյիտ Նասրալլա Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Իրանի առողջապահութեան նախարար Հասան Հաշիմին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:

Լիբանանը Թիրախ` Ցուրտի Նոր Ալիքի Մը

Լիբանանը Թիրախ` Ցուրտի Նոր Ալիքի Մը

Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ Լիբանան այսօր եւ վաղը թիրախ պիտի դառնայ ցուրտի նոր ալիքի մը` նկատի ունենալով, որ Իտալիայէն փոթորիկ մը Յունաստանի ճամբով պիտի հասնի Լիբանան, ուր տեղատարափ անձրեւներ պիտի տեղան: Լիբանանը հարուածող «Վլատիմիր» ձիւնամրրիկէն ետք, կը նախատեսուի, որ այս նոր փոթորիկին պատճառով ծովու մակերեսէն 1600 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնէ:  

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը  Կոչ Ուղղեց Լուրջ Վերաբերում Ցուցաբերելու  Նախագահական Ընտրութեան  Որեւէ Նախաձեռնութեան Նկատմամբ

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Լուրջ Վերաբերում Ցուցաբերելու Նախագահական Ընտրութեան Որեւէ Նախաձեռնութեան Նկատմամբ

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, գումարեց իր ամսական ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան զարգացումներուն: Հանդիպումէն ետք հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս պապի պատգամին, որուն ընդմէջէն խաղաղութեան կոչ ուղղեց` շեշտելով, որ խաղաղութիւնը կարելի չէ գործադրել առանց երկխօսութեան: Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ իրենք կը զօրակցին որեւէ լուրջ երկխօսութեան, որ կը...

Հըզպալլա Կը Շնորհաւորէ Իրաքցիները`  Ռամատին ՏԱՀԵՇ-ի Տիրապետութենէն  Ազատագրելու Առիթով

Հըզպալլա Կը Շնորհաւորէ Իրաքցիները` Ռամատին ՏԱՀԵՇ-ի Տիրապետութենէն Ազատագրելու Առիթով

Հասան Ֆատլալլա Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ իշխող Սէուտ ընտանիքին կողմէ շէյխ Նմըր Նմըրը մահապատիժի ենթարկելու արարքը: Ֆատլալլա կոչ ուղղեց արաբական եւ իսլամական աշխարհին սթափելու եւ գիտակցելու, որ Սէուտ ընտանիքին վարչակարգը տգիտութեան, յետամնացութեան եւ հաւատադրժողականութեան օրրանն է: «Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Իրանի հետ յարաբերութիւններու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ ցաւ յայտնեց Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ բռնկած սուր բանավէճին համար` ընդգծելով սակայն, որ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութիւնը տակաւին առկայ է: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ իրանեան-սէուտական տագնապը շրջանին մէջ պիտի հրահրէ յարանուանական սադրանքները: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն երկիրը հեռացնելու տարբեր առանցքներու բախումներէն: ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 7 յունուար 2016-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 8 յունուար 2016-ին:

«Այսուհետեւ Ժամանակ  Կորսնցնելը Արտօնելի Չէ»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Այսուհետեւ Ժամանակ Կորսնցնելը Արտօնելի Չէ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց վարչապետարանի լրագրողները, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ այսուհետեւ ժամանակ կորսնցնելը արտօնելի չէ` ընդգծելով երկրին գործադիր իշխանութեան աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը: Վարչապետ Սալամ յոյս յայտնեց, որ 2016-ը ըլլայ առիթ մը` աշխուժացնելու երկիրը եւ ամրապնդելու անոր ժողովրդավարական առանցքը, աւելցնելով, որ երկու տարուան ընթացքին հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան վարչապետի պաշտօնի ստանձնումը դժուար է:  

Page 870 of 986 1 … 869 870 871 … 986

Արխիւներ