Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը`  Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի  Եւ Հըզպալլայի Նախարարներուն Բացակայութեան

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը` Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Եւ Հըզպալլայի Նախարարներուն Բացակայութեան

Նախարարաց խորհուրդի աշխատանքը աշխուժացնելու նպատակով երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին կառավարութիւնը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Էլիաս Ապու Սաապ, Արթիւր Նազարեան, Ռոնի Արայժի, Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Մոհամետ Ֆընէյշ: Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ վարչապետ Թամմամ Սալամին տեղեկացուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի նախարարները պիտի չմասնակցին կառավարութեան նիստին` բողոքելով այն իրականութեան դէմ,...

«Լիբանանեան Բանակին Կռուելու Եւ Գումակային  Կարողութիւնները Բարելաւելու Նպատակով  Որակական Յառաջդիմութիւն Արձանագրուած Է»  Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

«Լիբանանեան Բանակին Կռուելու Եւ Գումակային Կարողութիւնները Բարելաւելու Նպատակով Որակական Յառաջդիմութիւն Արձանագրուած Է» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց արաբ զինուորական կցորդներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան յայտնեց, որ նախորդ տարիներուն ընթացքին բանակին կռուելու եւ գումակային կարողութիւնները բարելաւելու նպատակով որակական յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի կողմէ իրենց ստացած զինուորական օժանդակութիւններուն շնորհիւ: Զօր. Քահուաժի յայտնեց նաեւ, որ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին լիբանանեան բանակը պիտի շարունակէ ստանալ ֆրանսական զէնք...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   «Ժողովուրդներու Միասնականութիւնը  Վտանգներուն Դիմադրելու Միակ Միջոցն Է»  Շեշտեց Մոհամետ Ֆաթհալի

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Ժողովուրդներու Միասնականութիւնը Վտանգներուն Դիմադրելու Միակ Միջոցն Է» Շեշտեց Մոհամետ Ֆաթհալի

Դեսպան Ֆաթհալի եւ միւֆթի Տըրիան Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆաթհալի նշեց, որ նման հանգրուաններու ընթացքին կրօնաւորներուն դերակատարութիւնը կարեւոր եւ զգայուն կը դառնայ` աւելցնելով, որ ժողովուրդներուն միասնականութիւնը վտանգներուն դիմադրելու միակ միջոցն է: Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան ընդգծեց միջիսլամական միասնականութիւնը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչներուն դիրքերը: Նշենք, որ բանակի զօրամաս մը երէկ ուղղուեցաւ նաեւ Պաալպեք, ուր շրջափակեց Շարաուինա շրջանն ու անոր մուտքերը` նկատի ունենալով բանակայիններու եւ զինեալներու միջեւ արձանագրուած զինեալ բախումները: ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայիններու հարազատներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ իրենց հանդիպումը ծայր աստիճան բարոյական էր: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի...

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ  Իր Նիստը` Երկրին Գործադիր Իշխանութեան  Շարժակները Աշխուժացնելու Իբրեւ Նախաքայլ

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը` Երկրին Գործադիր Իշխանութեան Շարժակները Աշխուժացնելու Իբրեւ Նախաքայլ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որ պիտի ըլլայ երկրին գործադիր իշխանութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու նախաքայլը: Մինչ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ նախարարաց խորհուրդի նիստը պիտի գումարուի դրական մթնոլորտի մէջ, վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պահանջները չի մերժեր` զինուորական նշանակումները կատարելու իմաստով: Դրական այս յայտարարութիւններէն անմասն չմնացին նաեւ Ազգային ազատ հոսանքի աղբիւրները:...

Չորեքշաբթի Օրուան  Հանդիպումին Ընթացքին .  «Կառավարութեան Նիստը Գումարելու  Իմաստով Մթնոլորտը Դրական Է»  Շեշտեց Պըրրի

Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպումին Ընթացքին . «Կառավարութեան Նիստը Գումարելու Իմաստով Մթնոլորտը Դրական Է» Շեշտեց Պըրրի

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան այսօրուան նիստը գումարելու իմաստով դրական մթնոլորտ կը տիրէ` ընդգծելով, որ նախարարաց խորհուրդի գործունէութեան աշխուժացումը անհրաժեշտ է: «Պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները կարելի չէ տեղքայլի մէջ պահել, այլ` կարեւոր է անցնիլ նոր հանգրուան», շեշտեց ան: Պըրրի վերահաստատեց քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած...

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Աղբի  Տագնապին Լուծման Յատուկ Նիստին

Վարչապետ Սալամ Շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը Եւ Ցաւակցութիւն Յայտնեց Իր Թուրք Պաշտօնակիցին

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հեռագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` շնորհաւորելով անոր միամեայ գործունէութիւնն ու արձանագրած նուաճումները, բարեմաղթութիւններ կատարելով թագաւորին եւ Սէուտական Արաբիոյ: Հեռագիրին մէջ վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ Լիբանան կը զօրակցի Սէուտական Արաբիոյ` ծայրայեղութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակիցին` Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ` դատապարտելով Պոլիսը...

Զօր. Քահուաժի. «Առեւանգուած Բանակայիններուն Ազատ Արձակումը Բանակի Առաջնահերթութիւններէն Է»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց առեւանգուած բանակայիններուն վերաբերող հարցեր: Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակի հրամանատարութիւնը պետական պաշտօնատարներուն հետ գործակցաբար կը հետապնդէ այդ թղթածրարը` ընդգծելով, որ անիկա բանակին համար առաջնահերթութիւն է: Բանակի հրամանատարը շեշտեց, որ բանակը ոչ մէկ ճիգ եւ ջանք կը խնայէ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու...

Մաշնուք Վերահաստատեց Քաղաքապետական  Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին  Կատարելու Յանձնառութիւնը

Մաշնուք Վերահաստատեց Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու Յանձնառութիւնը

Ժեմայէլ, Մաշնուք եւ Քազզի Քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու իմաստով քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ: Ապա ան ուղղուեցաւ Պիքֆայա, ուր տեսակցեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ` ներկայութեամբ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք շեշտեց քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած...

Զօր. Միշել Սլէյման Անհրաժեշտ  Կը Նկատէ Քաղաքապետական  Ընտրութիւններու Կայացումը

Զօր. Միշել Սլէյման Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Քաղաքապետական Ընտրութիւններու Կայացումը

Զօր. Միշել Սլէյման եւ Մուքպել Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինին եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուին, որոնց հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ զինուորական նշանակումները պիտի կատարուին` նկատի ունենալով ունակութիւններն ու ատակ թեկնածուներու չափանիշները: Մուքպել յայտնեց, որ Սլէյմանի հետ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա փտածութեան մարմնացում է` նկատի ունենալով անոր պատճառած լարուածութիւններն ու հրահրած յարանուանական սադրանքները: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ  Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ դաշնակցելու առումով ոչ մէկ արգելք կայ` աւելցնելով, որ երկու ուժերուն մօտ գոյութիւն ունի անցեալի էջը փակելու համոզում մը: «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի...

Նախագահական Ընտրութեան  Նախաձեռնութեան Մասին Որոշ Կողմերու  Լռութիւնը  Ստեղծած Է Շփոթ Մը

Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը Յոյսեր Չի Ներշնչեր, Իսկ Ամբողջական Կազմով Նախարարաց Խորհուրդի Նիստ Մը Գումարելու Կարելիութիւնը Կը Մնայ Անորոշ

Օր մը առաջ կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու մասին կատարուած ուխտերն ու խոստումները երէկ սկսան երերալ, երբ Ռապիէ ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներուն մասնակցութիւնը` կառավարութեան վաղուան նիստին, կախեալ է ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումներուն մասին ի գործ դրուող ճիգերէն եւ գոյանալիք համաձայնութենէն: Հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին դէմ բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն, երէկ Քաղաքացիական ընկերութեան մէկ թեւը` «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը, կոչ ուղղեց...

Վարչապետ Սալամ Իրաքի Խորհրդարանի  Նախագահին Հետ Քննարկեց  Շրջանային Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Սալամ Իրաքի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Ժապուրի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Սելիմ Ժապուրին, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ալի Ամիրի: Հանդիպումէն ետք Ժապուրի մեկնեցաւ Իրաք: Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ եւ կապալառուներու սենտիքայի նախագահ Մարուն Հըլու:

Ֆըրզլի. «Ֆրենժիէի Թեկնածութիւնը  Առաջադրելու Իմաստով Ժահժահը Տեղեակ Չպահելը  Կը Փաստէ Այդ Նախաձեռնութեան Լրջութիւնը»

Ֆըրզլի. «Ֆրենժիէի Թեկնածութիւնը Առաջադրելու Իմաստով Ժահժահը Տեղեակ Չպահելը Կը Փաստէ Այդ Նախաձեռնութեան Լրջութիւնը»

Ֆըրզլի եւ Հալա Հատտատ Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ «Վանայ ձայն»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ազատ է հանդիպելու իր ուզած քաղաքական ղեկավարութեան հետ` աւելցնելով, որ հիմնական շրջադարձ կարելի է նկատել այն պայմանները, որոնք մղած են նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու: Ֆըրզլի շեշտեց, որ Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումը նախաձեռնութիւն մը...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Նիստ .  «Կառավարութեան Նիստին Մեր Մասնակցութիւնը  Կախեալ Է Հինգշաբթի Օրուան  Նախօրեակին Կատարուելիք Ջանքերէն»   Ըսաւ Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ . «Կառավարութեան Նիստին Մեր Մասնակցութիւնը Կախեալ Է Հինգշաբթի Օրուան Նախօրեակին Կատարուելիք Ջանքերէն» Ըսաւ Ժրայսաթի

Սելիմ Ժրայսաթի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ իրենք իրենց կեցուածքներն ու հաղորդակցութիւնները գաղտնի պահող խմբաւորում մը չեն, իսկ յաջորդող օրերը կրնան նորութիւններ բերել զօր. Աունի ներկայացուցած քրիստոնէական ներկայացուցչութեան առումով: Ժրայսաթի նշեց, որ ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումները կատարելու իմաստով տակաւին...

«Էրտողան Իսկական Ոճրագործ Մըն Է,  Որ Պատասխանատու Է Շրջանին Արիւնահեղութեան»  Շեշտեց Ուիամ Ուահապ

«Էրտողան Իսկական Ոճրագործ Մըն Է, Որ Պատասխանատու Է Շրջանին Արիւնահեղութեան» Շեշտեց Ուիամ Ուահապ

Ուիամ Ուահապ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ շեշտեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իսկական ոճրագործ մըն է, որ պատասխանատու է շրջանին արիւնահեղութեան: «Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Պոլսոյ մէջ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը սուրիացի է. ատիկա մէկը կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ աշակերտները սկսած են իր դէմ գործել», ըսաւ Ուահապ: Ան շեշտեց նաեւ, որ ռուսական օդանաւը վար առնելու գինը պիտի...

«Լիբանանի Կողմէ Արաբական Համախոհութեան  Յանձնառու Չմնալը Իմաստուն Քայլ Մը Չի Նկատուիր»   Շեշտեց Մուսթաքպալ Պլոքը

«Լիբանանի Կողմէ Արաբական Համախոհութեան Յանձնառու Չմնալը Իմաստուն Քայլ Մը Չի Նկատուիր» Շեշտեց Մուսթաքպալ Պլոքը

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ նախագահութեամբ պլոքի նախագահ Ֆուատ Սինիորայի գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` վերաշխուժացնելու համար երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը եւ Լիբանանը փրկելու իր դիմագրաւած ներկայ հանգրուանէն, որ ապահովական, քաղաքական, ընկերային եւ ելեւմտական ապակայունութեան հանգրուան մը կը նկատուի: Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ Հըզպալլան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու Իրանը պատասխանատու են հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան: Պլոքը...

Զաայթեր. «Ահաբեկչութեան Դէմ  Պայքարը Առաջնահերթութիւն Է»

Զաայթեր. «Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Դիմագրաւելու Ձիւնամրրիկին Պատճառով Ստեղծուած Որեւէ Հարց»

Ղազի Զաայթեր Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ նախարարութիւնը բոլոր շրջաններուն մէջ գտնուող իր վարչական գրասենեակներուն ընդմէջէն պատրաստ է դիմագրաւելու որեւէ հարց, որ կրնայ ստեղծուիլ Լիբանանը հարուածելիք ձիւնամրրիկին պատճառով: Զաայթեր ընդգծեց, որ նախարարութեան անձնակազմը ամէնօրեայ դրութեամբ կազմ ու պատրաստ կը հսկէ քաղաքացիներուն անվտանգութեան: Միւս կողմէ, Զաայթեր բարգաւաճման վերաբերող հարցեր քննարկեց երեսփոխան Այուպ Հըմայէտի, ինչպէս նաեւ երեսփոխան...

Մեհրապի Մէջ.   «Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու  Առումով Շրջանային Եւ Միջազգային  Որոշումը Տակաւին Ձեռնտու Չէ»  Ըսաւ Մաշնուք

Մեհրապի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Առումով Շրջանային Եւ Միջազգային Որոշումը Տակաւին Ձեռնտու Չէ» Ըսաւ Մաշնուք

Ժահժահ, Մաշնուք եւ Ռիաշի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը`  ներկայութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանան քաղաքական փոթորիկներու թիրախ է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը կարելի է կատարել միջազգային եւ շրջանային որոշումով: Մաշնուք նշեց, որ Ժահժահի...

«Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք» Արշաւը Լիբանանցիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Հինգշաբթի Օր Բողոքի Ցոյց Մը Կատարելու

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի անդամները երէկ Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց կատարեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք բողոքեցին դատական իշխանութիւններուն մէջ տարածուած փտածութեան դէմ: Ցոյցին ընթացքին «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին անդամները կոչ ուղղեցին լիբանանցիներուն հինգշաբթի, 14 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ բողոքի հաւաք մը կատարելու` կառավարութեան գումարելիք նիստին զուգահեռ:

Page 868 of 986 1 … 867 868 869 … 986

Արխիւներ