
Լիբանանեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչներուն որջերը:
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ յայտնեցին, որ Պըրժ Պարաժնէի մէջ պայթումը գործած ահաբեկչական խմբակի գլխաւոր անդամներէն մէկը ձերբակալած են Թրիփոլիի մէջ:
Ներքին ապահովութեան ուժերուն համաձայն, ձերբակալուող յանցագործը` Խալետ Զէյնէտտին, որ ծանօթ է Ապու Թալհա կեղծանունով, ծնած է 1986-ին:
Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր ուժերը ձերբակալած են սուրիացի մը, որ ահաբեկչական խմբաւորումի անդամ է, եւ լիբանանցի մը, որ ահաբեկիչներուն թաքստոցներ կը տրամադրէ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներու գործունէութեան ֆինանսաւորում կ՛ապահովէ:


