
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ յոյս յայտնեց, որ Նոր տարին ըլլայ առիթ մը, որպէսզի տարբեր մակարդակներու վրայ կարելի ըլլայ նուաճումներ իրագործել: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է շրջանցել անապահովութիւնը եւ երաշխաւորել իրենց անվտանգութիւնն ու երկրին բարգաւաճումը:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է երկրին հարցերուն հաւանական լուծումներ ապահովելու` աւելցնելով, որ ինք կը փափաքի, որ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին մասնակցին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը եւ իրենց համախոհութեամբ արդիւնաւէտ դարձնեն նախարարաց խորհուրդին նիստը:
Ան դիտել տուաւ, որ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգը կը բաղկանայ 140 կէտերէ, որոնք կենցաղային, վարչական եւ ապրուստի վերաբերող հարցեր են:
Անդրադառնալով Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի յայտարարած կեցուածքին` վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ այդ կեցուածքը բացառիկ եղած է: «Ատիկա Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքն է, եւ ես այդ մասին խորհրդակցած եմ Պասիլի հետ, նախքան անոր Գահիրէ մեկնիլը», ըսաւ ան:
Երկրին ապահովական կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ապահովական իմաստով երկիրը կայուն է եւ մտահոգիչ ոչինչ կայ: «Իսկ Արսալի կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի», աւելցուց Սալամ:
Երկիրը ողողած աղբերուն մասին վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ առաջարկուած լուծումները իտէալական չեն` լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան պատճառով, սակայն կարեւորը այն է, որ աղբերը մեզ կուլ չտան եւ մենք ալ աղբերը չճաշակենք: «Կարեւոր է, որ մենք աղբերը երկրէն դուրս հանենք, անոնց հետ դուրս հանելով նաեւ թոյները, որոնք կը սպառնան երկրին եւ քաղաքացիներուն», ընդգծեց Սալամ:
Երեկոյեան վարչապետ Սալամ նախագահեց սուրիացի գաղթականներու հարցերու յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Նուհատ Մաշնուք, Ռաշիտ Տըրպաս, Սըժաան Քազզի եւ Էլիաս Ապու Սաապ: