
Երեսփոխան Պահիա Հարիրի շաբաթ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի Հարիրի ընտանիքին պալատին մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է` նշելով, որ այդ նախաձեռնութիւնը խոչընդոտուած է եւ յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային կարելի կ՛ըլլայ այդ նախաձեռնութիւնը յաջողցնել:
«14 փետրուար 2005-էն ի վեր Սաատ Հարիրի բազմաթիւ զոհողութիւններ մատուցած է` պահպանելու համար Լիբանանը, իսկ մենք պիտի շարունակենք նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի գործելաոճը ի խնդիր Լիբանանի պաշտպանութեան, ապահովական կայունութեան պահպանումին, լիբանանեան պետութեան ամրապնդումին եւ յաջորդ սերունդներուն ուսման երաշխաւորումին», ըսաւ ան:
Հարիրի շեշտեց ամէն տեսակի երկխօսութիւն շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա միակ միջոցն է լիբանանեան ազգային հարցերը լուծելու:


