Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Գործոց Նախարարը Զօր. Աունի Եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Քաղաքապետական Ընտրութիւններ Կատարելու Հեռանկարները

Յունուար 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաշնուք եւ զօր. Աուն
Մաշնուք եւ զօր. Աուն

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք շաբաթավերջին այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ զօր. Աուն շեշտած է շրջանային տագնապին չմիջամտելու կարեւորութիւնը եւ ընդգծած, որ Լիբանան ատիկա պիտի չկարենայ հանդուրժել:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` Մաշնուք յայտնեց, որ զօր. Աուն համոզուած է, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր առաջադրած նախաձեռնութեամբ կը փաստէ, թէ ան անկեղծ է նախագահական ընտրութիւնը կատարելու իր ջանքերուն մէջ, անկախ թեկնածուներուն ինքնութենէն:

Ռապիէէն կատարած իր յայտարարութիւններուն ծիրին մէջ Մաշնուք յայտնեց, որ իբրեւ Մուսթաքպալ հոսանք իրենք պիտի մասնակցին այսօրուան երկխօսութեան, որ միակ միջոցն է երկրին հարցերը լուծելու:

Ներքին գործոց նախարարը դիտել տուաւ նաեւ, որ զօր. Աուն կը զօրակցի քաղաքապետական ընտրութիւններու կայացման` առանց յաւելեալ երկարաձգումներու:

Մաշնուք ըսաւ, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է քաղաքապետական ընտրութիւններու կայացման:

Աւելի ուշ, Մաշնուք ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք Հարիրիէն նամակ մը փոխանցած է զօր. Աունի եւ կամ ընտրական օրէնքը քննարկած է անոր հետ:

Ժոմպլաթ եւ Մաշնուք
Ժոմպլաթ եւ Մաշնուք

Նշենք, որ Մաշնուք այցելեց նաեւ Քլեմանսօ, ուր ընդունուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքապետական ընտրութիւններ կատարելու հեռանկարները:

Մաշնուքի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Ժոմպլաթ զօրակցութիւն յայտնած է քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու առումով` ընդգծելով կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ. «Երկխօսութեան Ու Այլ Երկիրներու Ներքին Հարցերուն Միջամուխ Չդառնալու Քաղաքականութիւնը` Խաղաղութեան Լաւագոյն Գրաւականն Է» Շեշտեց Զօր. Սլէյման

Յաջորդը

Ազգային Թէ Երկկողմանի Երկխօսութիւնները Շարունակելու Առումով Լիբանան Կը Հաստատէ Իր Միացեալ Կեցուածքը` Մերժելով Հըզպալլան Ահաբեկչական Որակել

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?