Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի համակիրները երէկ Պըրժ Պարաժնէի մէջ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակցեցան Հարաւային արուարձաններու բնակիչները:
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները կը կրէին անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի, ինչպէս նաեւ Հասան Եաագուպի լուսանկարները:
Հասան Եաագուպի եղբայրը` Ալի Եաագուպ զգուշացուց բոլորը իրենց համբերութեան սահմանափակ ըլլալուն առնչութեամբ: