
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր ուժերու տնօրէնութիւնը երէկ ձերբակալեց Պըրժ Պարաժնէի պայթումին մեղսակիցներէն մէկը` Տ. Ս., որ զէնք եւ պայթուցիկ նիւթեր ապահոված էր Ա. Ռ.-ի, որ իր կարգին ձերբակալուած է:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ բուռն կերպով ռմբակոծեց Արսալի եւ Պաալպեքի բարձունքները` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչները:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն մասնակցած լիբանանցի քաղաքացի Մուսթաֆա Ժ.-ն:
Պետական անվտանգութեան ուժերը Նապաթիէի մէջ ձերբակալեցին սուրիացի մը` ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ անոր ունեցած կապերուն համար:


